ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այս շաբաթ, թրքական լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկան դարձած էր Առլէթ Նաթալի Աւազեան անունով հայուհին, որ ոստիկանութեան կողմէ հսկողութեան տակ առնուած է «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի ընտանիքին մասին իր գրածին եւ հրատարակած լուսանկարին համար։ Նաթալի Աւազեան իր էջին վրայ զետեղած էր ընտանիքի մը հնօրեայ պատկերը եւ գրած էր, որ «Հըրսըզ Քիւրտ Օսման» ¤Գող Քիւրտ Օսման) էր մականունը նախարարին հօր, որուն ընտանիքը Էրզրումի Հորասան գաւառակէն աքսորուած է։ Չաւուշօղլուի ընտանիքը այս հաղորդումին պատճառաւ հետապնդում պահանջեց Նաթալի Աւազեանի դէմ։
Աւազեան կը ներկայացուի՝ իբրեւ մանուկներու ու կիներու իրաւունքներու պաշտպան գործիչ, որ ունի տեղեկութիւններու եւ լուսանկարներու արտակարգօրէն հարուստ արխիւ մը։
Աւազեան հայկական հարցերու շուրջ իր կեցուածքներուն իբրեւ հետեւանք՝ անցեալին եւս քննադատուած է թրքական մամուլին մէջ։ Օրինակ՝ Դեկտեմբեր 2018ին, «Թաքվիմ» թերթը գրած էր, թէ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու հանդիպում մը ունեցած է «ԱՍԱԼԱի (Հայաստանի Ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակ) աւելցուք Աւազեան»ի հետ։ Թերթը Աւազեանի մասին այս պնդումը կատարած էր, որովհետեւ Նաթալին հերոսացուցած էր, եղեր, նշեալ կազմակերպութեան անդամներէն Լեւոն Էքմէճեանը։