Հովանաւորութեամբ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի էջմիածնական թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Ճափոնական հիւպատոսարանին, աջակցութեամբ Փոքրիկ Ճափոն Ծառայական Կեդրոնի, Ճափոնա-ամերիկեան Ազգային Թանգարանին եւ Ճափոնա-ամերիկեան Մշակութային եւ Համայնքային Կեդրոնի, Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2019ին, Առաջնորդարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ձեռնարկ մը՝ «Տիանա Աբգարի Կտակը, Նշանաւոր Համամարդկային եւ Հայ Ազգի Մայրը» խորագիրով, որ ի մի բերաւ դարաւոր երկու բարեկամ ազգեր՝ հայերն ու ճաբոնցիները, ներկայութեամբ տեղական, գաւառական եւ դաշնակցային մակարդակի ներկայացուցիչներու եւ պաշտօնական հիւրերու:
Ձեռնարկին նպատակն ու կարեւորութիւնը յաջորդաբար ընդգծեցին Առաջնորդ Յովնան Սրբազանն ու Լոս Անճելըսի մէջ Ճափոնի հիւպատոս Աքիրա Մութօ, որոնք վեր առին՝ անցեալ դարասկիզբին Ճափոնի մօտ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կին դեսպան Տիանա Աբգարի մարդկային, ազգային եւ համամարդկային արժէքն ու Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան բեկորներու նկատմամբ ցուցաբերած հոգատարութիւնն ու բազմամակարդակ օժանդակութիւնը՝ նշելով, որ հայ-ճափոնական բարեկամական յարաբերութիւնները նաեւ շարունակուեցան հետագայ տարիներուն՝ ճափոն հաստատուած բազմաթիւ հայերու կեանքին մէջ. հայ-ճափոնական մերձեցման առնչուող հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցելով ներկաներուն՝ անոնք նաեւ ընդգծեցին հայ կնոջ խաղացած դերին կարեւորութիւնը անցեալ դարասկիզբի արիւնոտ օրերուն:
Ճափոնա-ամերիկեան Մշակութային Կեդրոնի անունով խօսք առաւ Տարեն Մուքօ եւ ներկայացուց Տիանա Աբգարի գոյատեւման ոգին ու հերոսական կերպարը՝ հաստատելով, որ «իբրեւ ճափոնցի ամերիկացիներ մենք կը յարգենք Տիանա Աբգարի կտակը, որուն շնորհիւ մեր հաւաքական պատմութեան մէջ մենք բաժնեկից դարձանք անարդարութեան դէմ բարձրացուած հայութեան պայքարին, որ տակաւին կը շարունակուի. Աբգար մեզի համար ներկայի ուղեցոյց է», աւելցուց ան:
Օրուան բանախօսն էր դոկտ. Մելինէ Մեսրոպեան, որ համապարփակ կերպով ներկայացուց Տիանա Աբգարի կեանքն ու գործունէութիւնը՝ ընդգծելով անոր քաղաքական, դիւանագիտական, մարդասիրական կարողութիւնները՝ յատկապէս 1909ի Ատանայի ջարդերէն սկսեալ մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ շարունակաբար, այլեւ հայ-ճափոնական յարաբերութիւններու սերտացման նպատակով եւ համամարդկային գետնի վրայ, կարելի բոլոր միջոցներով կորուստէ փրկելու համար հայութեան մնացորդացը: «Աբգարի ճիգերը աննկատ չմնացին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութիւնը 1918ին գնահատեց անոր բազմիմաստ գործունէութիւնը եւ 1920ին զայն նշանակեց Ճափոնի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս», հաստատեց Մեսրոպեան:
Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Տիանա Աբգարի ծոռը՝ Միմի Մալայեան, որ իր սրտին խօսքը փոխանցեց՝ ներկաներուն ցոյց տալէ ետք անցեալ տարի հրապարակած եւ մրցանակ շահած իր վաւերագրական հեղինակային ժապաւէնը՝ »Անհայրենիք Դիւանագէտը«, ապա իբրեւ հայ-ճափոնական բարեկամութեան նորագոյն արտայայտութիւն՝ Սրբազան Տէրտէրեան ճափոնական ներկայացուցչութեան նուիրեց հայկական ձեռագործ խաչքար մը:
Հանդիսութեան վերջին բաժինով կատարուեցան հայկական եւ ճափոնական երգարուեստներու նմուշներ, ապա ներկաներուն առիթ տրուեցաւ արտայայտուելու եւ հարցումներ ուղղելու մասնակիցներուն: