Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի (դեմոկրատ) յայտարարեց, որ նախագահ Թրամփի նկատմամբ պաշտօնանկութեան (իմփիչմընթ-impeachment) գործընթացը կը սկսի՝ աւելցնելով, թէ այդ ուղղութեամբ տան 6 յանձնաժողովներուն յանձնարարած է առանձին հետաքննութիւններու ձեռնարկել։
Քաղաքական գայթակղութեան պատճառը այս տարուան 25 Յուլիսին տեղի ունեցած Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հեռաձայնային զրոյցին հրապարակումն է։
Կ՛ըսուի, որ նշեալ զրոյցին ընթացքին Թրամփ սպառնացած է Զելենսքիին՝ սառեցնել Քիեւի
տրուող ռազմական օժանդակութիւնը, եթէ Ուքրանական իշխանութիւնները չսկսին հետաքննութիւն կատարել նախկին փոխնախագահ, նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտընի տղուն նկատմամբ:
Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն դեմոկրատները, իսկ Ծերակոյտին մէջ՝ հանրապետականները:
Թրամփ յայտարարեց, որ դեմոկրատներուն այդ քայլը նպատակ ունի ստուեր նետել ՄԱԿի մէջ իր ելոյթին վրայ:
Ուքրանիոյ իշխանութիւնները համաձայնութիւն տուին Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ նախագահներու հեռաձայնային զրոյցին սղագրութիւնը հրապարակելու վերաբերեալ: