
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է 20 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք տարեկան իր ձեռնարկին ընթացքին «Լրատուական Մարզին Մէջ Գերազանցութիւն» մրցանակը շնորհել հաղորդավար եւ լրագրող Արաքսիա Կարապետեանին:
«Իր տպաւորիչ ասպարէզին ընթացքին, Արասքիան միշտ հաւատարիմ մնացած է իր հայկական արմատներուն եւ առիթ չէ փախցուցած Հայկական Հարցը ջատագովելու», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Արաքսիա Կարապետեան ծնած է Գիւմրի եւ ընտանիքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է, երբ ան 7 տարեկան էր: Լրագրութեան հանդէպ անոր սէրը ծնած է Հայաստան կատարած իր այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին, երբ սկսած է հետաքրքրուիլ քաղաքացիներուն ամէնօրեայ կեանքով եւ անպատրաստից հարցազրոյցներ կատարած է անոնց հետ: Մարտ 2012էն ի վեր, ան հաղորդավարն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ »Ֆաքս 11« կայանի «Կուտ Տէյ Էլ.Էյ.» յայտագիրին, որմէ առաջ լրագրողի եւ հաղորդավարի պաշտօններ ստանձնած էր «Էյ.Պի.Սի», «Սի.Պի.Էս.» եւ այլ կայաններու մէջ:
Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին նախատեսուած Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի »Հիլթըն« պանդոկի սրահին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց, տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան կարելիութեանց ծանօթանալու համար՝ այցելել կայքէջը, դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ info@ancawr.org հասցէին: