ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Փեսադ Ո՞ւր Է» կատակերգութեան երկրորդ մասին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 6 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Կլենտէյլի պատմական «Ալեքս» թատերասրահին մէջ:
Ներկայացումը մեծ մասամբ անգլերէնով է, սակայն ունի նաեւ հայերէնով բաժիններ:
«Փեսադ Ո՞ւր Է» կատակերգութեան առաջին բաժինին անդրանիկ ելոյթը տեղի ունեցած էր 2013ին, Նիւ Եորքի մէջ, որմէ ետք անիկա ներկայացուեցաւ նաեւ Ուաշինկթընի, Պոսթընի, Ֆիլատելֆիոյ եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Ամերիկահայ գրող Թալին Պապայեան հեղինակը եւ բեմադրիչն է այս կատակերգութեան: Ան իր շուրջ համախմբած է մօտաւորապէս 20 դերասան¬դերասանուհիներ, որոնց շարքին են վեթերան դերակատարներ Յարութիւն Սողոմոնեան եւ Մարօ Աճէմեան:
Տոմսերու համար՝ հեռաձայնել 818-243-ALEX (2539) թիւին կամ այցելել կայքը։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 689-2217 թիւին: