ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներ տուած այցելութեան ծիրին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լոս Անճելըսէն ուղղուեցաւ Սան Հոզէ՝ Սիլիքոն հովիտ՝ բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու եւ համագործակցութեան հեռանկարները քննարկելու նպատակով:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային ճաշ ունեցաւ Տրէյփըր համալսարանի հիմնադիրներ Թիմ եւ Պիլ Տրէյփըրներուն հետ, որոնց հետ քննարկուեցան արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ծաւալման ու զարգացման հեռանկարները: Հանդիպման ընթացքին ստորագրուեցաւ Փոխըմբռնման յուշագիր՝ Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ Տրափըր համալսարանին միջեւ, որով պայմանաւորուածութիւն հաստատուեցաւ համագործակցելու, համատեղ կրթական ծրագիրներ իրականացնելու՝ արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ որակեալ մասնագէտներ պատրաստելու եւ վերապատրաստելու ուղղութեամբ:
Նիկոլ Փաշինեանի այցելութեան յաջորդ կանգառը բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ յառաջատար «NVidia» ընկերութիւնն էր, որ մասնագիտացած է համակարգչային ծրագիրներու մշակման ոլորտին մէջ, եւ որուն կեդրոնը կը գտնուի Սիլիքոն հովիտի մէջ: Ան դիմաւորուեցաւ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ճենսըն Հուանկի կողմէ, շրջեցաւ կեդրոնին եւ ցուցասրահներուն մէջ, ծանօթացաւ ընկերութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններուն, ծրագիրներուն, համակարգչային ծրագիրներու մշակման գործընթացին, կիրարկուող նորարարական արհեստագիտութեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նաեւ կարճատեւ հանդիպում ունեցաւ «NVidia» ընկերութեան գործադիր տնօրէնին հետ, քննարկուեցան փոխգործակցութեան կարելիութիւնները:
Անկէ ետք ան այցելեց տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ, յատկապէս, կիսահաղորդիչ »չիփերու« ձեւաւորման ոլորտին մէջ յառաջատար »Սինոփսիս« ընկերութեան կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ ընկերութեան նախագահ Չի Ֆուն Չանի կողմէ։ «Սինոփսիս» ընկերութիւնը մասնաճիւղ ունի Հայաստանի մէջ եւս՝ «Սինոփսիս Արմէնիա»ն, որ ունի շուրջ 700 աշխատակից եւ կը գործէ 2004 թուականէն ի վեր:
Չի Ֆուն Չան նշեց, որ իրենք կարեւոր կը նկատեն Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը եւ անոր շարունակական զարգացումը։ Ան ներկայացուց ընկերութեան գործունէութեան ուղղութիւնները, ծրագիրները՝ դիտել տալով, որ մտադիր են Հայաստանի մէջ ընդարձակել իրենց աշխատանքային ծիրը։ «Սինոփսիս-Արմէնիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեան նշեց, որ «Սինոփսիս-Արմէնիա»ն թէ՛ ծրագրային, թէ՛ մարդուժի առումով «Սինոփսիս»ի կայուն զարգացող եւ արդիւնաւէտ մասնաճիւղերէն է եւ կը նախատեսէ տարեկան 100ով աւելցնել աշխատակիցներուն թիւը։
Վարչապետ Փաշինեան հաստատեց, որ Հայաստանի համար «Սինոփսիս»ը արժէքաւոր եւ կարեւոր գործընկեր է, դրուատիքով խօսեցաւ առկայ համագործակցութեան մասին։ Կողմերը վերահաստատեցին համագործակցութեան զարգացման պատրաստակամութիւնը եւ միտքեր փոխանակեցին յետագայ միացեալ աշխատանքներուն վերաբերեալ։
Անկէ ետք վարչապետը հանդիպում ունեցաւ Սիլիքոն հովիտի մէջ բարձր արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ գործունէութիւն ծաւալող շարք մը ընկերութիւններու հայ ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման մասնակցեցան թէ՛ ակադեմական, եւ թէ արդիւնաբերական ուղղութիւններու պատասխանատուներ։
Կարեւոր նկատելով հանդիպումը՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ անիկա լաւ առիթ է փոխգործակցելու կարելիութիւնները քննարկելու համար։ Ան անդրադարձաւ արհեստագիտութեան եւ տնտեսական յեղափոխութեան առումով Հայաստանի առած քայլերուն։
Բարձր արհեստագիտութեան ընկերութիւններու հայ ներկայացուցիչները ողջունեցին Հայաստանի վարչապետին այցելութիւնը Սիլիքոն հովիտ եւ նշեցին, որ հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ ներդրումներ իրականացնելու եւ գործունէութիւն ծաւալելու կարելիութիւններով։