Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ծիրին մէջ, վարչապետ Փաշինեան այցելեց Նիւ Եորք՝ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 74րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով։
Նախքան այդ, Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգին միջեւ Շրջանակային համագործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ։ Համաձայնագիրով Հայաստան ու Քալիֆորնիա պիտի զարգացնեն համապարփակ համագործակցութիւնը՝ բոլոր ուղղութիւններով։
Համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետին հանդիպումը։ Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ համաձայնագիրը պիտի նպաստէ փոխգործակցութեան խորացման եւ Հայաստան-Քալիֆորնիա կապերու զարգացման։
Վարչապետը նշեց, որ Քալիֆորնիան Ամերիկայի հայութեան կեդրոններէն է, ինչպես նաեւ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն նորարարական տնտեսութիւնը եւ արհեստագիտական ձեռքբերումներ ունեցող նահանգը, եւ որ Հայաստան հետաքրքրուած է աւելի ամրապնդելու կապերը Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հայաշատ նահանգներէն մէկուն հետ։
Նահանգապետը հաստատեց, որ Քալիֆորնիոյ հայութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունի նահանգի զարգացման, հայ-ամերիկեան կապերու ամրապնդման առումով։ Ըստ անոր՝ Քալիֆորնիա եւս կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան զարգացումը եւ միացեալ ծրագիրներու իրականացումը։
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Քալիֆորնիա առեւտրատնտեսական գործակցութեան խորացման, գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու աշխուժացման եւ անոնց ընդլայնման վերաբերող հարցեր։ Համաձայնութիւն գոյացաւ աշխուժացնելու երկկողմանի քննարկումները՝ գործնական քայլերու ձեռնարկման նպատակով։
ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 74րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետը նաեւ ներկայ գտնուեցաւ ժողովի ընդհանուր քննարկման բացման։
Հայ Դատը Կ՛Ողջունէ
Հայաստանի եւ Քալիֆորնիա նահանգին միջեւ կնքուած համաձայնագիրին մասին արտայայտուելով՝ Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց առնուած այս քայլը։ «Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պետական-կառավարական մակարդակի հասնցելու համար՝ տարուեցան ճգնաջան եւ հետեւողական աշխատանքներ, որոնց ծիրին մէջ կ՛իյնար փոխկառավարիչ Էլէնի Քունալաքիսի՝ վերջերս մեր նախաձեռնութեամբ ու ծրագրաւորումով կատարած ճամբորդութիւնը Հայաստան, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդած մեր հանդիպումները կառավարիչ Կեւըն Նիւսըմի հետ: Այս նախապատրաստական աշխատանքներն են, որոնք հող ստեղծեցին այսօրուան պատմական համագործակցութեան համաձայնգիրի կնքումին», ըսաւ Յովսէփեան, աւելցնելով. «Մենք վստահ ենք որ համագործակցութեան այս համաձայնագիրը, որուն մէջ ընդգրկուած են արհեստագիտութեան, երկրագործութեան, կրթութեան եւ մշակութային ոլորտները, մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստանի զարգացող տնտեսութեան եւ քաջալերէ քալիֆորնիացիները որ Հայաստանը համարեն ռազմավարական գործաընկեր»։