
ՖԻԼՄՈՐ.- Քալիֆորնիոյ Ֆիլմոր քաղաքի իշխանութիւնները ոստիկանապետ նշանակեցին Կարօ Քիւրէճեանը, որ պիտի փոխարինէ Էրիք Թենըսընը։
Քիւրէճեան 25 տարիներու սպասարկութիւն ունի Վենթուրա գաւառի ոստիկանութեան մէջ, ստանձնելով շարք մը պատասխանատու պաշտօններ։ Գաւառի տարածքին ունեցած գործունէութեան կողքին, ան աշխատած է նաեւ Թաուզընտ Օքս եւ Մուրփարք քաղաքներուն մէջ։
Իր ընտանիքին հետ Սիմի հովիտ հաստատուած Կարօ Քիւրէճեան տնտեսագիտութեան մէջ պսակաւոր արուեստից վկայականը ստա-ցած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, իսկ հանրային վարչութեան մասնագիտութեամբ մագիստրոսի վկայականը՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթ-րիճի մասնաճիւղէն։