ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան («Սի.Այ.Էյ.») կողմէ գաղտնազերծուած նոր փաստաթուղթերուն մէջ Արցախի վերաբերող հատուածներ։ Հոն դարձեալ կը հիմնաւորուին այն փաստերը, թէ Ատրպէյճան տասնամեակներէ է վեր իր յարձակումներուն թիրախ դարձուցած է Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը, եւ այն իրողութիւնը, որ Արցախ միշտ հայկական եղած է։
Փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ, որ խորագրուած է «Կովկասի անհանդարտութիւնը եւ ազգայնականութեան մարտահրաւէրները» կը խօսի Արցախի միջցեղային խլրտումներուն մասին:
Անոր մէջ նշուած է հետեւեալը. «Հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ թշնամութիւնը հարիւրաւոր տարիներու պատմութիւն ունի։ 1920ականներուն, հայկական մշակութային եւ կրօնական կեդրոն հանդիսացող Լեռնային Ղարաբաղի յանձնումը Ատրպէյճանին, հայերուն համար եղած է եւ կը մնայ մտահոգութեան եւ հիասթափութեան աղբիւր»։
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի երիտասարդ բնակչութեան թիւի արագ աճը կրթական եւ ընկերային հարցեր յառաջացուցած է եւ բնակչութիւնը իր դժգոհութիւնը սկսած է արտայայտուել հայ բնակչութեան վրայ յարձակումներով:
Գաղտնազերծուած այլ փաստաթուղթի մը մէջ, որ կը կրէ »Փանթուրքական գաղափարը« խորագիրը, կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը ստեղծուած է 1923ին՝ նշելով, որ ամբողջութեամբ թրքացեղ բնակիչներով շրջափակուած այդ բնակավայրին մօտաւորապէս 5500 բնակչութեան մէջ, հայերը կազմած են 89 տոկոսը, իսկ ատրպէյճանցիները՝ 10 տոկոսը: