ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա», «Արմէնփրէս».- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը (նստա-վայրը՝ Շէնգաւիթ) դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի նախագահութեամբ, մերժեց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքը վերացնելու պաշտպաններուն միջնորդութիւնը, զոր անոնք ներկայացուցած էին 7 Սեպտեմբերին։ Ամիսներ առաջ, պաշտպանները ներկայացուցած էին նաեւ գրաւի դիմաց Քոչարեանը ազատ արձակելու միջնորդութիւն մը, որուն քննարկումը ցարդ չէ կատարուած ։
Դատարանին մէջ միջնորդութիւնը ներկայացնելով՝ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբաններէն Հայկ Ալումեան յայտնեց, որ կարելի է ազատ արձակել նախկին նախագահը, մանաւանդ որ մեղադրող կողմը չի կրնար նշել որեւէ փաստ՝ ուղղակի կամ անուղղակի, երբ Քոչարեան փորձած է խուսափիլ քննութենէն կամ խոչընդոտել զայն։
Պաշտպան Փաստաբան Արամ Օրբէլեան իր կարգին նկատել տուաւ, որ այս գործով օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչները դատական իշխանութեան վրայ կը բանեցնեն ճնշումներ։
Ան նաեւ դատաւորին ուշադրութեան յանձնեց այն հանգամանքը, որ Սահմանադրական դատարանը կարծիք ստանալու համար դիմած է Վենետիկի յանձնաժողովին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ առկայ է առերեւոյթ կասկած, որ Քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածը չի համապատասխաներ Սահմանդրութեան։
Խօսք առաւ նաեւ Ռոպերթ Քոչարեան, որ, անդրադառնալով քննութենէն իր թաքնուելու վերաբերեալ առկայ մտահոգութիւններուն, ըսաւ, թէ, եթէ փախուստ տուող անձնաւորութիւն մը ըլլար, ապա այսօր ատրպէյճանցիք Ստեփանակերտի մէջ թէյ կը խմէին՝ աւելցնելով, որ կը հասկնայ՝ շատերուն համար դժուար է ասիկա ըմբռնել։
Ըստ մեղադրող կողմին՝ Սահմանադրական դատարանին որոշումը այս գործին չի վերաբերիր. նախկին նախագահին չեն մեղսագրեր գործողութիւններ որոնք կը բխին անոր կարգավիճակէն, հետեւաբար, Քոչարեանը ազատ արձակելու հիմքեր չկան։ Ան կը մեղադրուի Հայաստանի սահմանադրական կարգը տապալելուն մէջ, նաեւ՝ պաշտօնական իր դիրքը օգտագործելով՝ »Թի.Էս.Էս.Սի. Արմէնիա« ՍՊ ընկերութեան միակ մասնակից եւ Տնօրէն Սիլվա Համբարձումեանի օգտին գործողութիւններ կատարելու նպաստելուն, շահագործման նպատակով ուսումնասիրութեան յատուկ արտօնագիրով մը ընկերութեան 100 տոկոս բաժնեմասը Հայաստանի մէջ ոչ-բնակիչ ընկերութեան վաճառելու գործարքը չխոչընդոտելուն համար, Փետրուար եւ Մայիս 2008ին, Սամուէլ Մայրապետեանի օժանդակութեամբ անորմէ ստացած է առանձնապէս մեծ չափի՝ 927 միլիոն դրամին համարժէք՝ 3 միլիոն տոլարի կաշառք։
Նիստին ներկայ էին նոյն գործին հետ առնչութիւն ունեցող, Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արմէն Գէորգեան, ՀԱՊԿի նախկին գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրով, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան եւ անոնց փաստաբանները:
Որոշումին հրապարակումէն ետք, փաստաբան Մալումեան յայտնեց, որ վերաքննիչ բողոք ներկայացուցին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշման դէմ։ Պաշտպան փաստաբան՝ Յովհաննէս Խուդոյեան, ներկայացուց իր՝ պաշտպանեալը գրաւի դիմաց կալանքէ ազատ արձակելու վերաբերեալ միջնորդութիւն, որուն վերաբերող դատական հայց պիտի հրապարակուի 20 Սեպտեմբերին։
Յայտնենք, որ դատավարութեան ընթացքին, յատկապէս որոշումի յայտարարութեան նախօրեակին, լարուած վիճակ կը տիրէր դատարանէն դուրս, ուր հաւաքուած էին Քոչարեանի կողմնակիցներն ու ընդդիմադիրները։