
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 13 Սեպտեմբերին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն հանդիպում ունեցաւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԱԺԿ) ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ներկայացուց Դաշնակցութեան միասնական օրակարգի կէտերը:
Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորած, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան յայտնեց, որ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք, ԱԺԿի համար Դաշնակցութեան առաջարկած օրակարգը ընդհանրութեան մէջ ընդունելի է:
Փոխըմբռնման մթնոլորտին մէջ կայացած հանդիպումին, կողմերը համաձայնեցան հետագային եւս շարունակել միասնական օրակարգին շուրջ քննարկումները:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան նաեւ քանի մը օր առաջ Արցախի մէջ կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն: