
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Նիւ Եորք Թայմզ».- Ամերիկայի գրողներու կաճառը կը տեղեկացնէ, թէ 11 Սեպտեմբերին, Սթիւտիօ Սիթիի իր բնակարանին մէջ կաթուածով մը մահացաւ 84ամեայ ամերիկահայ բեմագիր Մարտիկ Մարթին։
Մարտիկ Մարթին ծնած է Իրան։ Ան հասակ նետած է Իրաքի մէջ, ապա հաստատուած է Նիւ Եորք, ուր իր համալսարանական տարիներուն ծանօթացած է ամերիկացի հռչակաւոր բեմադրիչ Մարթին Սքորսէզիի հետ, որուն երեք ֆիլմերուն («Mean Streets», «New York, New York», «Raging Bull») բեմագրութիւններուն հեղինակը կամ համահեղինակն է:
Մարտիկ Մարթինի վերջին գործերէն մէկն էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Ֆաթիհ Աքընի բեմադրած »Հատումը« (»The Cut«) ֆիլմին համահեղինակութիւնը:
Անոր կեանքին նուիրուած «Mardik: Baghdad to Hollywood» ժապաւէնը («Մարտիկ. Պաղտատէն Հոլիվուտ») հրապարակ հանուած էր 2008ին:
Մարտիկ Մարթին նաեւ բեմագրութիւն դասաւանդած է Նիւ Եորքի եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարաններուն մէջ։
Ընտանիքը փափաք յայտնած է, որ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կատարուին ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղին, Մարտիկ Մարթինի անուան կրթական հիմնադրամ մը հաստատելու նպատակով (Armenian Relief Society/Mayr Chapter for Mardik Martin Education Fund, P.O. Box 27863, Hollywood, CA 90027)։