ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 15 Սեպտեմբերին Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ապրիլեան պատերազմին զոհուած հերոսներուն երեխաներուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն, հերոսներուն անունները կրող հարազատներուն Մկրտութեան արարողութեան՝ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի օրհնութեամբ։
Կնքահայրեր դարձան զոհուած հերոսներուն մարտական ընկերները՝ ապրիլեան մարտական գործողութիւններու մասնակիցները:
Մկրտութեան գաղափարը յղացած էին »Ապրիլեան մարտական գործողութիւններու մասնակիցներու միութեան« անդամները, իսկ կազմակերպական աշխատանքը ստանձնած էր՝ Ռուբէն Մխիթարեան:
Մկրտութեան արարողութեան մասնակցեցան շուրջ 250 անձեր, որոնցմէ 80ը՝ Արցախէն: Մկրտ-ուողները 90 հոգի էին, մնացեալը՝ Ապրիլեան պատերազմի մասնակից կնքահայրերն են եւ մկրտուողներուն հարազատները: