
ՔԱՄԸՐՍ, Քալիֆորնիա.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ քոնկրեսական Լուսիլ Ռոյպալ Ալարտի հետ, քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ հանդիպումը շատ լաւ առիթ մըն էր նահանգին 40րդ ընտրատարածքը ներկայացող քոնկրեսականին փոխանցելու համար համայնքը հետաքրքրող շարք մը հարցերու վերաբերեալ նորագոյն իրադարձութիւնները, որոնց շարքին էր Արցախի Հանրապետութեան հետ Միացեալ Նահանգերու յարաբերութիւնները բնականոնացնելու միտող՝ վաւերացումը ապահովելու ջանքերը թիւ 190 բանաձեւին, որուն շնորիւ ամերիկացի պաշօնատարներ պիտի կարենան առանց խոչընդոտներու Արցախ այցելել։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու համակարգող Սերոբ Աբրահամեան եւ կառավարական հարցերու վարիչ Արսէն Շիրվանեան նշեալ բանաձեւին կողքին, քոնկրեսականին հետ քննեցին նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի յաւելեալ ամերիեկան աջակցութիւն ու Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու կարեւորութիւնը, շարք մը այլ հարցերու կողքին։