ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Դատին նուիրուած քննարկումներ կատարելու նպատակով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը անցեալ ամիս Միացեալ Նահանգներու հիւսիս-արեւմտեան չորս նահանգներու հինգ քաղաքներուն մէջ իրականացուց հանրային հաւաքներ, որոնց զուգահեռ տեղի ունեցան նաեւ հանդիպումներ քաղաքական պաշտօնատարներու հետ, նկատի ունենալով, որ Օգոստոսը Քոնկրեսի արձակուրդի ամիսն է եւ մեծ թիւով քոնկրեսականներ իրենց նահանգները վերդարձած էին։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան եւ կառավարական հարցերու համակարգող Սերոբ Աբրահամեան, ընկերակցութեամբ համայնքային գործիչ եւ հեղինակ Լիա Բաբայեանի՝ այցելեցին Սիէթըլ, Փորթլընտ, Պոյզի, Թուին Ֆոլզ եւ Սոլթ Լէյք քաղաքները։
«Մեր կազմակերպութիւնը կը գործէ 19 նահանգներու մէջ եւ ունի 30 մասնաճիւղեր ու բոլոր շրջաններու աշխուժացումը Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի առաջնահերթութեանց մաս կը կազմէ։ Հարաւային Քալիֆորնիայէն դուրս գտնուող համայնքներուն մէջ նման նածաձեռնութիւններ պիտի շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։
Շրջապտոյտը սկսաւ 18 Օգոստոսին, Սիէթըլի Ս. Յարութիւն եկեղեցի այցելութեամբ։ Հոն Հայ Դատի պատուիրակութեան անդամները համայնքի անդամներուն ներկայացուցին Հայկական Հարցի ի նպաստ տարուող աշխատանքները եւ պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն։ Իր կարգին, Լիա Բաբայեան ներկայացուց իր նոր գիրքը, որ նուիրուած է 1990ականներու սկիզբը Ատրպէյճանի մէջ հայերու սպանդներէն փրկուած գաղթականներու փորձառութիւններուն։ Եկեղեւոյ եւ Ուաշինկթըն նահանգի հայ համայնքին մասին կարճ տեսանիւթ մը կարելի է դիտել։
Յաջորդ օրը, պատիուրակութեան անդամները, ընկերակցութեամբ տեղական գործիչներու՝ հանդիպում մը ունեցան Ուաշինկթընէն քոնկրեսական Էտըմ Սմիթի հետ, որ ներկայիս ատենապետն է Ներկայացուցիչներու տան Ռազմական սպասարկութեանց յանձնախումբին։ Անոնք նաեւ այցելեցին քոնկրեսական Փրամիլա Ճայափալի գրասենեակը։ Քննուեցան յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի Հանրապետութեան հետ յարաբերութեանց բնականոնացման եւ Հայաստանի ու Արցախի յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելուն վերաբերող բանաձեւերը։
Ապա պատուիրակութիւնը անցաւ Փորթլընտ, հանդիպում մը ունենալով տեղւոյն Ս. Գէորգ եկեղեցիին մէջ հաւաքուած համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Անոնցմէ ոմանք մինչեւ երեք ժամ ճամբորդած էին հաւաքին ներկայ գտնուելու համար։
Աւելի կանուխ, Հայ Դատի պատուիրակութեան անդամները, ընկերակցութեամբ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Մաշտոց քհյն. Քէշիշեանի՝ այցելեցին քոնկրեսական Ըրլ Պլումընթալի գրասենեակը եւ Օրիկընի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնարդարանը, քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։
Ս. Գէորգ եկեղեւոյ եւ Օրիկըն նահանգի հայ համայնքին մասին կարճ տեսանիւթ մը կարելի է դիտել:
Նման հաւաքներ տեղի ունեցան նաեւ Այտըհոյի երկու քաղաքներուն՝ Պոյզիի եւ Թուին Ֆոլզի մէջ, քննարկելու համար Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը եւ ապագայ ծրագիրները: Հայ Դատի պատուիրակութեան անդամները եւ համայնքի ղեկավարներէն Մարք Ապաճեան այցելեցին քոնկրեսական Ռաս Ֆուլքըրի գրասենեակը։ Նշենք, որ երկու քաղաքներու հայութեան ջանքերով կարելի եղած է Ցեղասպանութեան յուշարձաններ զետեղել այդ քաղաքներուն մէջ։ Պոյզիի յուշարձանին մասին տեսանթիւը կարելի է դիտել։
Շրջապտոյտին վերջին հանգրուանը Եութայի Սոլթ Լէյք քաղաքն էր, ուր համայնքին ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ սրճարանի մը մէջ, որմէ ետք Հայ Դատի պատուիրակութեան անդամները եւ տեղւոյն համայնքի ղեկավարները այցելութիւններ տուին քոնկրեսական Պեն ՄըքԷտըմզի եւ ծերակուտական Միթ Ռամնիի գրասնեակները։