
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի քննչական կոմիտէն Հիւսիս-հարաւ ճամբու շինարարութեան ընթացքին թոյլ տրուած բացայայտ չարաշահումներու դէպքերուն պատճառով քննուող քրէական գործի ծիրին մէջ մեղադրանք բերկայացուեցաւ Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Լեւոն Սարգսեանի դէմ:
«Լեւոն Սարգսեանին մեղադրանք է առաջադրուել Հայաստանի քրէական օրէնսգրքի 190րդ յօդուածի 3րդ մասի 1ին կէտով եւ 311-2րդ յօդուածի 4րդ մասի 2րդ կէտով: Յայտարարուել է հետախուզում: Միջնորդութիւն է ներկայացուել դատարան՝ նրա կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ«, յայտնեց Քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինի պետ Նայիրա Յարութիւնեան։