
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Ապառաժ».- Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ՀՅԴի սատարած 80 թեկնածուներուն մեծամասնութիւնը ընտրուած է, յատկապէս՝ գիւղական շրջաններուն մէջ։

Դաշնակցութեան սատարած թեկնածուները յաղթանակներ արձանագրեցին Արցախի Աշան, Կաղարծի, Պառաւաթումբ, Հացի, Ննգի, Դրախտիկ, Աւետարանոց, Ծոփաձոր, Քաշունիք,Գիշի, Չարեքտար, Նոր Էրքէջ, Հաւսաթաղ, Թաղավարդի եւ կարգ մը այլ շրջաններու մէջ։
Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղի համայնքապետ ընտրուեցաւ ծնունդով գամիշլիցի, հայրենադարձ, ՀՅԴի անդամ Անդրանիկ Չաւուշեան, որ Լիբանանէն ներքաղթած է հայրենիք եւ երկար տարիներէ ի վեր կը բնակի Արցախի մէջ, մասնակցած է Արցախի քառօրեայ պատերազմին եւ այժմ կը զբաղի հողագործութեամբ։
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալներուն՝ Ստեփանակերտի մէջ ձայներուն մեծամասնութիւնը ստացաւ քաղաքապետի թեկնածու Դաւիթ Սարգսեան, Շուշիի մէջ՝ Արծուիկ Սարգսեան, Ասկերանի մէջ՝ Սամուէլ Աղաջանեան, Մարտունիի մէջ՝ Հայկ Սարգսեան, Մարտակերտի մէջ՝ Միշա Գիւրջեան, Հադրութի մէջ՝ Վահան Սաւադեան, Բերձորի մէջ՝ Նարեկ Ալեքսանեան, Քարվաճառի մէջ՝ Սերգէյ Չիլինգարեան: