
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 2020ի նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, 8 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները:
228 համայնքի մէջ առաջադրուած էին 415 համայնքներու ղեկավար եւ 2573 աւագանիի անդամի թեկնածուներ: Ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն թիւը 103,010 է:
Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Տարածքային ընտրական յանձնախումբերուն կողմէ փոխանցուած տուեալներուն համաձայն, ժամը 20:00ի դրութեամբ (Ստեփանակերտի ժամանակացոյցով) ընտրութիւններուն մասնակցեցան 67,326 ընտրողներ կամ 65.5 տոկոս:
«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի փոխնախագահ Եղիշէ Արզումանեան նշեց, որ մասնակիցներուն թիւը, ըստ ընտրական տեղամասերուն, հետեւեալն է՝ Ստեփանակերտի մէջ՝ 21 հազար 643 ընտրող կամ ընտրողներուն 55.5 առ հարիւրը, Ասկերանի մէջ՝ 9011 ընտրողներ կամ ընտրողներուն 76.7 առ հարիւրը, Հատրութի մէջ՝ 5967 ընտրողներ կամ ընտրողներուն 69.5 առ հարիւրը, Մարտունիի մէջ՝ 12,600 ընտրողներ կամ ընտրողներուն 72.5 առ հարիւրը, Մարտակերտի մէջ՝ 9241 ընտրողներ կամ ընտրողներուն 70.9 տոկոսը, Շահումեանի մէջ՝ 1512 ընտրողներ կամ ընտրողներուն 71.6 առ հարիւրը, Շուշիի մէջ՝ 2306 ընտրող կամ ընտրողներուն 58.8 տոկոսը, Քաշաթաղի մէջ՝ 5046 ընտրողներ կամ ընտրողներուն 69.6 առ հարիւրը:
Ան ըսաւ նաեւ, որ մինչեւ ժամը 20:00 գրաւոր որեւէ դիմում-բողոք չէ ներկայացուած յանձնախումբին՝ աւելցնելով, որ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն կողմէ մատնանշուած են շարք մը թերութիւններ եւ բացթողումներ, որոնք աշխատանքային կարգով ուղղուած են:
Ե. Արզումանեան ըսաւ, որ մեծ թիւով դիտորդներ կան ընտրական տեղամասերուն մէջ, անոնք կը հետեւին ընտրական գործընթացին եւ հեռաձայնի միջոցով կը տեղեկացնեն իրավիճակին մասին:
Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) նախնական տուեալներուն համաձայն՝ Ստեփանակերտի քաղաքապետ ընտրուեցաւ Դաւիթ Սարգսեան:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Արցախի ԿԸՅի նախնական տուեալներուն համաձայն, Դաւիթ Սարգսեան հաւաքեց 7787 ձայն:
Գրիգորի Սահակեան հաւաքեց 4765 ձայն, Արեգ Աւագեան՝ 3125 ձայն, Արայիկ Աւանեսեան՝ 2108 ձայն, Արմէն Յակոբեան՝ 3059 ձայն:
Կը յայտարարուի, թէ Ստեփանակերտի քաղաքապետի ընտրութիւններուն մասնակցեցան 21,603 անձեր, իսկ անվաւեր համարուեցան 807 քուէաթերթիկներ:
ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՔՈՒԷԱՐԿԱԾ Է ՅԱՆՈՒՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ
Նախագահ Բակօ Սահակեան կը սիրէ Ստեփանակերտը ու պիտի փորձէ քաղաքին հաղորդել այն ներուժը, որ, իբրեւ մայրաքաղաք, իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ ո՛չ միայն ստեփանակերտցիներուն վրայ, այլեւ ամբողջ երկրին: Այս մասին Արցախի նախագահը ըսաւ լրագրողներուն՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցելէ անմիջապէս ետք:
Նախագահ Բակօ Սահակեանի համաձայն՝ տեղական ընտրութիւններուն մասնակցող հայաստանցի դիտորդները պիտի համոզուին, որ ժողովրդավարական արժէքները Արցախի մէջ աւելի քան ընդգծուած են, նաեւ անոնք խոր արմատ ունին եւ մեր ժողովուրդին համար արժէք կը ներկայացնեն։ Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանէն եկած դիտորդները՝ մասնակցելով այս ընտրութիւններուն, պիտի համոզուին, որ ասիկա անշրջելի ընտրութիւն է մեր ժողովուրդին համար, եւ մենք այսօր, վաղը եւ ընդմիշտ պիտի առաջնորդուինք այդ նշուած վարոյթներով:
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 9 Սեպտեմբերին շնորհաւորեց Արցախի ժողովուրդը՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ազատ եւ արդար ընտրութիւններուն առիթով:
«Արցախի հերոսական ժողովրդին շնորհաւորում եմ տեղական ինքնակառավարման մարմինների՝ ազատ, արդար, մրցակցային ընտրութիւններ անցկացնելու կապակցութեամբ: Շնորհաւորում եմ նաեւ բոլոր ընտրուած թեկնածուներին եւ նրանց արգասաբեր աշխատանք մաղթում՝ ի շահ հայրենիքի եւ ժողովրդի:
«Շնորհաւորում եմ նաեւ ընտրութիւններում դիտորդական առաքելութիւն իրականացրած կազմակերպութիւններին, որոնց գործունէութիւնը՝ համընդհանուր գնահատմամբ, նպաստել է ընտրութիւնների որակի բարձրացմանը», նշեց ան իր գրառման մէջ:
ՂՈՒԼԵԱՆ ՔՈՒԷԱՐԿԵՑ՝ ՄԵԾ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընտրական իր պարտականութիւնը կատարելէ ետք, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Ստեփանակերտի բոլոր բնակիչներուն նման, ինք ալ քուէարկած է շատ մեծ ակնկալութիւններով։ Ըստ անոր՝ բոլոր թեկնածուներուն կողմէ տարուած է բաց եւ թափանցիկ նախընտրական արշաւ, որուն ընթացքին ընտրողները կարելիութիւնը ունեցած են ընտրելու իրենց նախասիրած թեկնածուները:
Ան շեշտեց, թէ շատերու մօտ գերակայ է այն մտածողութիւնը, որ յառաջիկայ տարիներուն մենք պէտք է ունենանք շատ աւելի բարեկարգ քաղաք: Ստեփանակերտը միշտ ուշադրութիւն կը գրաւէ իր մաքրութեամբ եւ գունաւորումով, սակայն ժամանակները կը փոխուին, եւ, կը կարծեմ, յառաջիկայ տարիներուն պիտի ըլլան շատ աւելի մեծ պահանջներ: Ղուլեան դիտել տուաւ, որ այս ընտրութիւններուն ընտրուած համայնքի ղեկավարներէն եւ աւագանիի անդամներէն մեծ սպասումներ ունին՝ աւելցնելով, որ թէեւ միշտ ականատես կ՛ըլլանք նոր ծրագիրներու իրականացման, սակայն անոնք բաւարար չեն: »2020ին Ստեփանակերտը պէտք է բոլորովին ուրիշ ըլլայ«, հաստատեց Ա. Ղուլեան:
Խորհրդարանի ղեկավարին համաձայն՝ այս ընտրութիւնները նաեւ կարելիութիւն կու տան, որ քաղաքական ուժերը եւ մարդիկ, որոնք քաղաքական պայքարի փափաք եւ հաւակնութիւն ունին, իրենց ուժը փորձարկեն եւ ստանան հանրութեան գնահատականը:
Ա. Ղուլեան այն կարծիքին է, որ իւրաքանչիւր ընտրութիւն Արցախի Հանրապետութեան համար յաւելեալ կարելիութիւն է միջազգային ճանաչման ուղիին վրայ պետականութեան հասունութիւնը եւ ժողովրդավարութեան մակարդակը տեսանելի դարձնելու:
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՉԱՓՈՐՈՇԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ
Արցախի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն ընտրութիւնները կազմակերպուած էին պարտադրած ձեւով կը համապատասխանէին նման ընտրութիւններու ներկայացուող միջազգային չափորոշիչներուն: 9 Սեպտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Վլադիմիր Վարդանեան:
Ըստ անոր՝ կան որոշ թեքնիք խնդիրներ, որոնց մէկ մասը կապուած է օրէնսդրական կանոնակարգումներուն հետ, որոնք կարելի է լուծել մօտիկ ապագային: »Ընդհանուր առմամբ, այն, ինչ մենք տեսանք թէ՛ Ստեփանակերտում, թէ՛ շրջկենտրոններում, եւ թէ առանձին համայնքներում բաւականաչափ ոգեւորիչ էր: Չափազանց կարեւոր է, որ Արցախի բնակչութիւնը գիտակցում է այն քաղաքացիական պարտաւորութիւնը, որը փոխկապակցուած է ընտրութիւնների հետ, եւ այդ ընտրութիւնները այն ժողովրդավարական հենքն են, որն ընկած է հայոց պետականութեան հիմքում: Արցախում տեղական ինքնակառավարման աւանդոյթները աւելի խորքային են, քանի Հայաստանի տարածքում՝ հաշուի առնելով այն դրական փորձը, որը եղել է Արցախի բնակչութեան ներքին կեանքի կազմակերպման առումով: Սա ստեղծում է մեծ ժողովրդավարական կապիտալ (դրամագլուխ-Խմբ.) հետագայ գործընթացները կազմակերպելու համար«, հաստատեց Վ. Վարդանեան:
ԱՐՑԱԽԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿԸ ԿԻՐԱՐԿԵԼԻ Է
«Իրազեկ քաղաքացիների միաւորման Ստեփանակերտի գրասենեակ»ի գործադիր տնօրէն Վահրամ Թոքմաջեան եւ «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրներու համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեան 9 Սեպտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսին, որ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են խաղաղ, առանց լուրջ միջադէպերու, քարոզչութեան ընթացքին թեկնածուներուն նկատմամբ ատելութեան դրսեւորում չեն նկատուած:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ տիրող հանդուրժողական մթոլորտին օրինակը Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն կիրարկելու մասին »Ապառաժ«ի հարցումին՝ Վահրամ Թոքմաջեան ըսաւ, որ ընտրական գործընթացին մէջ որեւէ դրական օրինակ կիրառելի է:
«Բնականաբար ցանկացած տարածաշրջան, ցանկացած պետութիւն ունի իր կիրառելի փորձը, դրական միտումները, որոնք այլ պետութիւններում, այլ ընտրական գործընթացներում եւս կիրառելի են: Այս առումով ոչինչ չի բացառւում եւ մենք յոյս ենք յայտնում, որ այս փուլում նկատուած գործընթացը շարունակական բնոյթ կը կրի եւ, ի հարկէ, կ՛ունենայ իր տարածման միտումը», յայտնեց Վ. Թոքմաջեան:
Դանիէլ Իոաննիսեանի համաձայն՝ դրական փորձի փոխանակումը օգտակար է: »Այդ առումով ես կարծում եմ, որ ինչ որ բաներ կան, որ Արցախից կարելի է օրինակ վերցնել, շատ բաներ նկատեցինք, որ լաւ կը լինէր, որ Արցախում Հայաստանի փորձը կիրառուի, երկուստեք կայ դրական փորձ, որ արժի փոխանակել ու բոլորը դրանից շահած դուրս կը գան«, նշեց ան:
Զեկուցողները ամփոփեցին 119 հոգիէ բաղկացած կարճաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան աշխատանքները եւ պատասխանեցին լրագրողներուն հարցումներուն։