ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Moody՛s Investors Service միջազգային վարկանշային գործակալութեան կողմէ 27 Օգոստոսին հրապարակուած զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ազգային արժոյթով եւ արտարժոյթով գնանշուած երկարաժամկէտ թողարկողի եւ արտարժոյթով գնանշուած չապահովուած արտօնեալ պարտքի վարկանիշները՝ B1էն բարձրացած են Ba3ի։
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը: Նշուած է, որ զեկոյցին համաձայն՝ վարկանիշներու բարձրացման համար հիմք ծառայած են Հայաստանի Հանրապետութեան փոքր տնտեսական կայունութիւնը, կառավարութեան մէջ եղած բարեփոխումներու օրակարգը եւ զանոնք կատարելու յանձնառութիւնը, հարկապիւտճէական քաղաքականութիւնը եւ տնտեսութեան կառուցուածքային փոփոխութիւնները։
Գործակալութիւնը յատկապէս նախատեսած է յառաջիկայ տարիներուն համար տնտեսական աճ՝ շուրջ 5.5-6 տոկոսով, որ հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է զբօսաշրջութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտներու աճով: Այս կառուցուածքային փոփոխութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ գործակալութիւնը կը նախատեսէ տնտեսական աճի տատանողականութեան նուազում՝ ի տարբերութիւն նախորդող տարիներուն արձանագրուած իրավիճակին:
Վարկանիշներու փոփոխութեան համար, ի շարս գործակալութեան կատարած այլ ուսումնասիրութիւններու, հիմք ծառայած են նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուած տեղեկութիւնները եւ փաստերը, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի ներդրումային միջավայրին, երկրին մէջ 2018էն բացուած մեծ պանդոկներուն, գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ արտադրողականութեան բարձրացման նպատակով նախարարութեան կողմէ իրականացուող պետական աջակցութեան ծրագիրներուն, Եւրոպական Միութեան հետ կնքուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին մէջ գոյութիւն ունեցող բարեփոխումներու իրականացման ժամանակացոյցին եւ կառավարութեան կողմէ նախատեսուող այլ ծրագիրներու: