ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պարզաբանում ներկայացուց, թէ ինչո՛ւ որոշած է «Էլարդ»ի եզրակացութիւնը ուղարկել շրջակայ միջավայրի նախարարութիւն՝ պարզելու համար, թէ արդեօք կայ նոր ՇՄԱԳ իրականացնելու անհրաժեշտութիւն: Այս մասին ան գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ։
Փաշինեան կը յայտնէ, որ 21 Օգոստոսին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, որուն մասնակցեցան «Լիդիան»ի ներկայացուցիչը եւ բոլոր իրաւասու նախարարութիւններու ներկայացուցիչները, հարցուց, թէ «Էլարդ»ի եզրակացութեան մէջ կա՞յ արդեօք տուեալ մը, որ կը մղէ Ամուլսարի նախագիծի նոր Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատում կատարելու։
«Ինչո՞ւ եմ այս հարցը տուել, որովհետեւ Օգոստոսի 19ի ուղիղ եթերում ասել էի, որ այս հարցով իմ համոզուածութիւնը 99.9 տոկոս է, ոչ 100 տոկոս՝ նոյն օրն առաւօտեան տեղի ունեցած խորհրդակցութեան արդիւնքներով: Բոլոր ներկաները, այդ թւում՝ Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս Օգոստոսի 19ի խորհրդակցութեան ժամանակ՝ տուեցին բացասական պատասխան», դիտել կու տայ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ խորհրդակցութեան փակումէն առաջ Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան ներկայացուցիչը կարծիք յայտնեց, որ այս հարցին պէտք է պատասխանել աւելի խոր ուսումնասիրութենէ ետք։
«Դրանից յետոյ աշխատակազմին յանձնարարեցի «Էլարդ»ի եզրակացութիւնն ուղարկել Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւն՝ համապատասխան յանձնարարականով», կ՛եզրափակէ Փաշինեան:
Միւս կողմէ, Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ այդ հարցին լուծում տալու համար կառավարութեան համար հիմնարար նշանակութիւն ունեցած է պատասխանը առանցքային հարցումի մը՝ արդեօք հանքավայրի գործարկումը պիտի աղտոտէ՞ Ջերմուկի ջրային պաշարները, ջրահաւաք աւազանը եւ Սեւանայ լիճը, արդեօք Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման պարագային, ծագող վտանգները կառավարելի՞ են:
Ան կ՛ընդգծէ, որ որոշում տալու ատեն կառավարութիւնը պէտք է հիմնուի փաստերու եւ փորձագիտական գնահատականներու վրայ, ոչ զգացականութեան, փափաքներու, անձնական համակրանքի կամ հակակրանքի վրայ, որքան ալ այդ գործօնները ծանրակշիռ ըլլան։ Ըստ անոր՝ բնապահպանական խումբերուն կողմէ լուսարձակի տակ առնուած վտանգները (Սեւանի եւ Ջերմուկի վերաբերեալ) չկան։
Փոխվարչապետը նաեւ կ՛ընդգծէ, որ ներկայիս կառավարութիւնը հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ կը ճշդէ բարձր նշաձող, որուն համաձայն, Հայաստանի տարածքին բոլոր հանքերը բնապահպանական բարձրագոյն չափորոշիչներուն համապատասխան պէտք է աշխատին, այլապէս անոնց աշխատանքը պիտի կասեցուի։
«Եւ այս առումով մենք մշտադիտարկելու ենք ո՛չ միայն «Լիդիան»ի կողմից ստանձնած իւրաքանչիւր յանձնառութեան պատշաճ եւ սահմանուած ժամկէտներում կատարումը, այլեւ բոլոր մնացեալ հանքարդիւնահանող ընկերութիւններին ներկայացուելու ենք համարժէք պահանջներ բնութեան պահպանութեան մասով», կը գրէ Աւինեան:
Փոխվարչապետը իր խօսքը կ՛ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք, առանց որեւէ փաստի եւ փորձագիտական եզրակացութեան դէմ են հանքի շահագործման՝ հաստատելով. «Ամուլսարի հարցում չկայ համընդհանուր կոնսենսուս (համախոհութիւն-Խմբ.)»:
Ան կ՛անդրադառնայ այն երեւոյթին, որ նման քայլեր ներդրող ընկերութիւնները կրնան խռտչեցնել։ «Եթէ մենք իրապէս ցանկանում ենք կառուցել այնպիսի Հայաստան, որտեղ թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ներդրողները պաշտպանուած են, ապա չենք կարող իրաւական հիմնաւորում չունենալով՝ խոչընդոտել որեւէ ընկերութեան գործունէութեանը: Հակառակ դէպքում վտանգ կայ, որ կը վերածուենք մի պետութեան, որտեղից ներդրողները փախչում են, իսկ նորերը գալու մասին նոյնիսկ չեն էլ մտածում: Մինչդեռ ներկայիս կառավարութիւնը օր ու գիշեր աշխատանք է տանում՝ ներդրողներ ներգաւուելու համար, եւ սրա կարեւորութիւնը, կարծում եմ, բոլորս ենք հասկանում: Եւ վերջում ցանկանում եմ յստակօրէն արձանագրել, որ ցանկացած հարցում կառավարութեան որոշումներ ընդունելու հիմքում ընկած է մեր երկրի ու ժողովրդի հաւասարակշռուած շահը», կ՛եզրափակէ Աւինեան: