ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի զգուշացուց, որ իրանեան քարիւղի արտածումները ամբողջութեամբ դադրեցնելու փորձերէն՝ նշելով. «Այդ պարագային կարելի պիտի չըլլայ վստահիլ ծովային անցքերու ապահովութեան, որ մինչեւ այժմ երաշխաւորուած էր», հակադարձելով Իրանի շուրջ շրջափակման օղակը աւելիով սեղմելու ամերիկեան ջանքերուն։
Ռոհանի, որ այս յայտարարութիւնը կատարեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի հետ կառավարութեան հանդիպումի մը ընթացքին՝ աւելցուց. «Միջազգային ուժերը գիտեն, թէ ամբողջական պատժամիջոցներու հաստատման եւ Իրանի քարիւղի արտածումները զերոյի հասցնելու պարագային, միջազգային ծովային ճամբաները առաջուան նման ապահով պիտի չըլլան»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Միջին Արեւելքի կացութեան շուրջ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ետք լրագրողներու յայտնեց. «Կարելի բոլոր քայլերը պիտի որդեգրենք կանխարգիլելու համար իրանեան քարիւղատար նաւուն՝ Սուրիոյ քարիւղ մատակարարելը», ակնարկելով Ճիպրալթարէն ազատ արձակուած նաւուն։ «Յստակ դարձուցինք, որ ոեւէ մէկը, որ անոր կը զօրակցի կամ նաւուն արտօնէ խարիսխ նետել, պիտի դիմագրաւէ ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթարկուելու վտանգը», նշեց ան։
Յիշեցնենք, որ քարիւղատար նաւը այժմ կը նաւարկէ դէպի յունական Քալամաթա կղզի:
Մինչ այդ, իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Միջերկրականի մէջ նաւարկող իրանեան քարիւղատար նաւը պիտի ըլլայ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հսկողութեան տակ, իսկ պահակագունդի հրամանատարներէն Իսմայիլ Քաուսարի յայտնեց, թէ իր երկիրը խիստ կերպով պիտի հակադարձէ նաւուն դէմ ամերիկեան որեւէ քայլի։