ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շէնգաւիթի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակէտային ծառայութեան գունդի գրաւման գործով դատական նիստը:
Պաշտպանները միջնորդութիւններ ներկայացուցին Սմբատ Բարսեղեանը ազատ արձակելու վերաբերեալ: Դատարանը որոշում տուաւ՝ մերժել ամբաստանեալ Սմբատ Բարսեղեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը վերցնելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը:
Դատարանը 28 Օգոստոսին յետաձգեց դատական նիստը՝ յաջորդ նիստին իրեղէն ապացոյցները դատարան բերելու համար։
Գործով ամբաստանեալ՝ «Սասնայ Ծռեր» խումբի 10 անդամներէն բանտարկուած կը մնան Արմէն Բիլեան եւ Սմբատ Բարսեղեան, որոնք կը մեղադրուին ոստիկաններու սպանութեամբ: