ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19էն 22 Օգոստոսին, Հայաստան այցելեցին պաշտպանական կրթութեան զարգացման եւ բարեվարքութեան ամրապնդման հարցերու Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խորհրդատուական աջակցութիւն տրամադրող ՆԱԹՕի խումբը։
Այցելութեան նպատակն էր՝ մասնակցիլ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմաուսումնական հաստատութիւններուն մէջ «Լաւ կառավարում եւ բարեվարքութիւն» նիւթով ծրագիրի մեկնարկին եւ մասնագիտական քննարկումներու գործադրութեան: Հայկական կողմէ խորհրդատուական խումբին հետ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումներու, Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական եւ Մարշալ Ա. Խանփերեանցի անուան ռազմական օդուժի համալսարաններու ղեկավար եւ դասախօսական կազմի ներկայացուցիչներ:
Այս ծիրին մէջ, 19 Օգոստոսին, խորհրդատուական խումբը ընդունեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մարդու իրաւունքներու եւ բարեվարքութեան կեդրոնի պետ, գնդապետ Ալեքսանդր Աւետիսեան: Քննարկուեցան ՆԱԹՕի բարեվարքութեան ամրապնդման ծրագիրի ինքնագնահատման գործընթացի իրականացման ընթացիկ վիճակին եւ այս առումով սպասուող միջոցառումներու կազմակերպման վերաբերող հարցեր: ՆԱԹՕի ներկայացուցիչները գոհունակութեամբ արձանագրեցին ինքնագնահատման գործընթացին ծիրին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին այդ ուղղութեամբ ընդլայնել համագործակցութիւնը:
20 եւ 21 Օգոստոսին կազմակերպուեցան խորհրդատուական խումբի այցելութիւնները ռազմաուսումնական հաստատութիւններ, ուր դասաւանդութիւններուն զուգահեռ տեղի ունեցան հանդիպումներ ռազմական կրթօճախներու ղեկավարութեան եւ ուսումնական գործընթացի պատասխանատուներուն հետ:
Խորհրդատուական խումբին այցելութիւնը ամփոփուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումով: Կողմերը համաձայնեցան Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ռազմաուսումնական հաստատութիւններուն հետ ՆԱԹՕի խորհրդատուական խումբի համագործակցութեան հետագայ ծրագիրները իրականացնել: