ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի կառավարութիւնը 22 Օգոստոսի իր նիստին տուաւ զանազան որոշումներ, որոնք կը վերաբերին կարգ մը ներդրումային ընկերութիւններու յատուկ արտօնութիւններ շնորհելու, նաեւ՝ Երեւանի լուսաւորման, ինչպէս նաեւ շէնքերու վերանորոգութեան։
Արտօնութիւն տրուեցաւ «Աֆա», «Լենտեքս» եւ «Պրոֆ Ալ» ընկերութիւններուն՝ գերակայ ոլորտին մէջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու համար: Երեք նախագիծով ընդհանուր առմամբ կը նախատեսուի 11.3 միլիառ դրամի ներդրումային ծրագիր:
Առաջին ընկերութիւնը 300 միլիոն դրամ արժող ծրագիր պիտի իրականացնէ՝ 35 աշխատանքի առիթներ ստեղծելով 158,000 դրամ աշխատավարձով:
Գիւմրիի մէջ գործող «Լենտեքս» ընկերութիւնը 50-60 նոր աշխատանքի առիթ պիտի ստեղծէ, իսկ «Պրոֆ Ալ»ը՝ 50 նոր աշխատատեղեր՝ միջին հաշիւով 280,000 դրամ աշխատավարձով:
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան նշեց, որ երեք ընկերութիւններուն տրուած արտօնութիւնները լուրջ խթան պիտի հանդիսանան նոր ներդրումային ծրագիրներու իրականացման, որուն իբրեւ արդիւնք՝ նոր աշխատատեղերու ստեղծման, ներդրումներու ներգրաւման, տեղական արտադրութեան եւ արտածման խթանման համար:
Կառավարութիւնը նաեւ որոշեց պետական պիւտճէէն 1.303 միլիառ դրամ յատկացնել Երեւանի քաղաքային լուսաւորութեան ծրագիրին, որ իրականութիւն պիտի դառնայ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան աջակցութեամբ:
Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը ծրագիրի շինարարական աշխատանքներուն համար 11 Յունուարին կնքեց 6 միլիոն տոլար արժողութեամբ պայմանագիր: Սակայն շինարարական աշխատանքներուն դիմաց վճարային պարտաւորութիւնները ժամանակին կատարելու համար անհրաժեշտ է ներգրաւել յաւելեալ միջոցներ:
1.173 միլիառ դրամ յատկացուեցաւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան՝ Փրկարար ծառայութեան շէնքերու նորոգութեան, Մարտունիի եւ Գաւառի փրկարար ծառայութեան շէնքերուն եւ անոնց կից գտնուող կանգառներու կառուցման նպատակով:
Փրկարար ծառայութեան շէնքի պայմաններուն ներկայ վիճակը լուրջ խոչընդոտներ կը ստեղծէ ծառայութեան գործունէութեան համար. ստորաբաժանումներու գերակշռող մասը կառուցուած է նախորդ դարու 50-60ական թուականներուն եւ չէ ենթարկուած որեւէ նորոգութեան։