ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան 22 Օգոստոսին անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Միացեալ Նահանգներ տալիք այցելութեան, խօսեցաւ Ատրպէյճանի հետ կապերուն, ինչպէս նաեւ հոն յայտնուած հայ զինուորին մասին։
Անդրադառնալով Փաշինեանի՝ Միացեալ Նահանագներ այցելութեան, ան ըսաւ, որ Հայաստան բաւական աշխուժ յարաբերութիւններ ունի Միացեալ Նահանգներու հետ:
Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստեղծուած գործնական կապը բաւական կայուն կերպով կը շարունակուի։
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ նոր հանդիպման վերաբերող հարցումի մը՝ Մնացականեան ընդգծեց, որ հանդիպումները կը շարունակուին եւ բանակցային գործընթացը կանգ չէ առած։ «Ես սրա մասին վերջին անգամ խօսել եմ Ուրուգուայի նախարարի հետ մամուլի ասուլիսի ժամանակ. ես ասացի, որ ինչպէս մենք միշտ անում ենք, հանդիպման մասին համաձայնեցուած պահին կը յայտարարենք», ըսաւ նախարարը։
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի սահմանը հատած հայ զինուոր Արայիկ Ղազարեանի հարցը կը շարունակէ բաւական մտահոգիչ մնալ: «Այս պահին նորութիւն չունեմ ասելու այն առումով, որ ե՛ւ Կարմիր Խաչը, ե՛ւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ե՛ւ անմիջական կապ ունեցող միւս կառոյցներն առնչւում են այս հարցին: Հարցը պահանջում է համակարգուած մօտեցում», շեշտեց Մնացականեան: