ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 15 Օգոստոսին ստորագրեց որոշումներ, որոնց համաձայն, իր գլխաւոր խորհրդականներէն Արսէն Գասպարեանը եւ Արամ Ղարիբեանը արձակեց աշխատանքէ, (վերջինս՝ 2 Սեպտեմբերէն:)
Գասպարեան վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը կը վարէր 30 Յուլիս 2018էն ի վեր, իսկ Ղարիբեան՝ նոյն տարուան 8 Յունիսէն:
Հայաստանի վարչապետի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած այլ որոշումով մը Մհեր Սահակեան արձակուած է վարչապետի օգնականի պաշտօնէն՝ իր դիմումին համաձայն։