ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հրաւէրով, 12-13 Օգոստոսին Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ այցելեց Հայաստան:
Այցելութեան ծիրին մէջ 12 Օգոստոսին կայացաւ Արմէն Գրիգորեանի եւ Նիքոլայ Փաթրուշեւի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ապահովութեան ոլորտին վերաբերող շարք մը հարցեր: Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններու զարգացման, ՀԱՊԿի ծիրին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման եւ նոր կարելիութիւններու օգտագործման հարցերուն վերաբերեալ: Քն-նարկուեցաւ նաեւ երրորդ երկիրներու զէնքի վաճառքի կանոնակարգման հարցը:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային գործընկերութեան ծիրին մէջ իրականացուող ռազմական-թեքնիք եւ ռազմատնտեսական համագործակցութեան ներկայի ընթացքէն, կարեւոր նկատեցին ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան աշխուժացումը եւ նոր ձեռնարկութիւններ հիմնելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդներու քարտուղարներու հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցան նաեւ Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի գրասենեակի եւ Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի աշխատակազմի ներկայացուցիչներու տարեկան խորհրդակցութիւնները։