ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան այցելեց «Արմաւիր» քրէակատարողական հիմնարկը, որուն պետին՝ Գերասիմ Գէորգեանի ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ բանտին մէջ եւ ծանօթացաւ դատապարտուածներուն ապրուստի պայմաններուն, անոնց առողջութեան պահպանման համար հիմնարկին կարելիութիւններուն եւ պայմաններուն, մատուցուած ուտելիքի ցանկին եւ անոր պատրաստութեան ընթացքին:
Նախարար Բադասեան հանդիպում ունեցաւ իրեն հետ զրուցել ուզած ցմահ դատապարտեալներուն հետ, լսեց անոնց մտահոգութիւնները, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերէին քրէական գործերու վերաբացման, պայմանական վաղաժամկէտ ազատման հիմնարկի պատշաճ կիրարկման, ուղղիչ հիմնարկի տեսակը փոխելու նոր դասաւորման, ինչպէս նաեւ Քրէակատարողական ծառայութիւններուն կողմէ պատիժը կրելէ պայմանական վաղաժամկէտ ազատելու, պատիժին չկրած մասը աւելի մեղմ պատժատեսակով փոխարինելու։
Նախարարը տեղեկացուց, որ գործերու վերանայման իրաւասուն Արդարադատութեան նախարարութիւնն է, հեւետաբար իրատեսական չէ այդ հարցով նախարարութենէն ակնկալութիւն ունենալը։ Ան ըսաւ, որ իրենք յստակ քայլերու պիտի ձեռնարկեն պայմանական վաղաժամկէտ ազատման հիմնարկը կատարելագործելու եւ ուղղիչ հիմնարկի տեսակը փոխելու կարգաւորումը առաւել ճկուն դարձնելու ուղղութեամբ: