Երկուշաբթի, 12 Օգոստոսին, Արամ Ա. կաթողիկոսը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը եւ Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ Խազենը:
Հայաստանի դեսպանին հետ խօսակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող նիւթերու շուրջ, իսկ Լիբանանի դեսպանին հետ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային տեղի ունենալիք քրիստոնեայ-իսլամ համագումարին:
Յայտնենք, որ շաբաթ մը առաջ դարձեալ այս ուղղութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր Նորին Սրբութեան եւ դոկտ. Ալ Խազենի միջեւ: