Հինգշաբթի, 8 Օգոստոսին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ընկերակցութեամբ Այնճարի հիմնադրութեան 80ամեակի մարմինի ատենապետին այցելեց Մեծի Տանն կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան շրջանը յուզող զանազան հարցեր:
Վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք 80ամեակին վերաբերող աշխատանքներուն մասին, խոստացաւ մեծ պատուիրակութեամբ ներկայանալ եզրափակիչ հանդիսութիւններուն: