ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- «Հորիզոն» շաբաթաթերթի աշխատակից Նազիկ Հանէշեան ընտրուած է Քեմպրիճ քաղաքի Պըրնիս Էտըմզ» (Bernice Adams) մրցանակի տեսողական արուեստի (visual arts) թեկնածու, 4 այլ տաղանդաւոր արուեստագէտներու կողքին:
Նազիկ Հանէշեան մանկութենէն հետաքրքրուած եւ զբաղած է արուեստով, եւ այդ մէկը իրեն համար դարձած է կեանքի անբաժան մասնիկ: Նազիկը կը զբաղի զարդեղէններու ձեւայղացքով, նոյն ժամանակ Թորոնթոյի համալսարանին մէջ կը շարունակէ իր բարձրագոյն ուսումը կատարելագործել առեւտրական վարչագիտութեան մարզին մէջ:
Նշենք, որ «Պըրնիս Էտըմզ» մրցանակը հիմնուած ի յիշատակ Քեմպրիճի Քաղաքապետական խորհուրդի հանգուցեալ անդամ Պըրնիս Էտըմզի եւ կը յանձնուի քաղաքի մշակութային զարգացման գծով կարեւոր ներդնում կատարած արուեստագէտներու: Անիկա կը շնորհուի արուեստի եւ մշակոյթի ասպարէզներուն մէջ Քեմպրիճի մէջ նշանակալի աւանդ ունեցող անհատներու կամ խմբակներու, հետեւեալ խմբաւորումներով՝ Տեսողական արուեստ, Կիրառական արուեստ, Երաժշտութիւն, Հաղորդակցական-գրական արուեստ Մրցումի յաղթականներու անունները պիտի յայտարարուին 18 Սեպտեմբերին: