ԲԺՇԿՈՒՀԻ ՄԱՐԻ ՄԵԼՔՈՆ
Կազմակերպութեամբ Գամիշլիի «Զաւարեան» Պատանեկան Միութեան Վարիչ կազմին եւ ՀՄԸՄի վարչութեան, Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն ամառնային երկամսեայ դպրոցի մը ծրագիրը իրագործուեցաւ «Խորէնեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ 87 սկաուտներու եւ պատանիներու:
Ծրագիրին նպատակն էր համախմբել երկու միութիւններու անդամները, զանոնք բաժնելով տարիքային խումբերու եւ յառաջացնելով յատուկ յանձնախումբ եւ դաստիարակ կազմ, որոնք առօրեայ օրակարգը պիտի գործադրէին: Ազգային դաստիարակութեան կողքին, դպրոցին նպատակն էր ամրան արձակուրդին կազմակերպել՝ լողալու, մարզանքի, պտոյտի, դաշտային խաղերու, զարգացման մրցումներու եւ ձեռային աշխատանքի յատուկ յայտագիրներ, որպէսզի պատանիները հաւաքական աշխատանքի եւ ընկերային մթնոլորտի ներքեւ հաճելի պահեր ապրին:
Ամառնային դպրոցի օրերուն ծնողական հանդիպումներն ու հաւաքը դրական իրենց ազդեցութիւնը ունեցան: Ծնողներ, իրենց նիւթական եւ բարոյական ներդրումով, սատար հանդիսացան ծրագիրին յաջողութեան: ՍՕԽի Արցախ մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ յանձնախումբը եւս ճիգ չխնայեցին իրենց նպաստը բերելու ամառնային դպրոցի յաջողութեան:
Երկու ամսուան ընթացքին, շաբաթական հինգ օրուան դրութեամբ, սկաուտները եւ պատանիները վայելեցին ուրախ, խանդավառ եւ օգտաշատ ժամեր: Ծրագիրը աւարտին հասաւ ՀՄԸՄի պարտէզին մէջ մտերմիկ խրախճանքի մը կազմակերպումով: