ՈՒՈՔԻԿԸՆ (Իլընոյ).- Կիրակի, 4 Օգոստոսին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ տարածքին վրայ տեղի ունեցաւ Անդաստանի յատուկ արարողութիւն, խաղողօրհնէք եւ դաշտահանդէս:
Այս յիշատակելի օրուան առիթով, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տարօն Ա. քհնյ. Ստեփանեանին միացած էին Զարեհ Ա. քհնյ. Սահակեան՝ թեմի հանգստեան կոչուած քահանաներէն եւ Սահակ քհնյ. Քայիշեան՝ Ուոքիկընի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ այցելու հոգեւորական, դպիրներ եւ բազմաթիւ ծխականներ: