ՆԻԿՈՍԻԱ.- Յունաստանի նորընտիր վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս արտասահմանեան իր առաջին այցելութիւնը, աւանդութեան համաձայն՝ կատարեց դէպի Կիպրոսի Հանրապետութիւն, կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը:
Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի հետ հանդիպումին ընթացքին, Միցոթաքիս անդրադարձաւ Կիպրոսի ջրային տարածքներուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ուժանիւթի ապօրինի պեղումներուն:
«Կիպրոսը ուժանիւթի ոլորտին մէջ իրեն նետուած մարտահրաւէրներուն դէմ ունի թէ՛ Յունաստանի եւ թէ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը», ըսաւ Միթոթաքիս՝ աւելցնելով. «Այժմ մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը թրքական բռնագրաւումին վերջ տալն է», ակնարկելով 1974ին Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի ազատագրումին:
Նշենք, որ Կիպրոսի նախագահ Անասթասիատիսի եւ Կիպրոսի հիւսիսային բռնագրաւեալ հատուածի կիպրացի թուրք «նախագահ» Մուսթաֆա Աքընճըի միջեւ մօտ օրէն նախատեսուած է հանդիպում մը՝ քննարկելու համար Միջերկրականի արեւելեան ջուրերուն մէջ յառաջացած ճգնաժամը: