ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Մինչ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս. 400» հակաօդային համակարգերու գնումին պատճառով յառաջացած Ուաշինկթըն-Անգարա վէճին պատճառով Միացեալ Նահանգները դադրեցուցած էր Թուրքիոյ «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւերու մատակարարումը, Թուրքիոյ մօտ ամերիկեան դեսպանատունը կը հաղորդէ, որ այս շաբաթ Թուրքիոյ մատակարարած են ռազմական չորս «Չինուք» փոխադրական ուղղաթիռներ:
Ըստ դեսպանատան՝ Թուրքիա ներկայիս «այս նորագոյն եւ ամէնէն զարգացած փոխադրամիջոցներէն ունի 11 հատ»:
Միւս կողմէ, թուրք օդաչուներ եւ մասնագէտներ, որոնք «Էֆ. 35» օդանաւերու օգտագործման մարզումներու համար Ամերիկա գացած էին, 1 Օգոստոսին վերադարձան Թուրքիա։ Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար 40 հոգիէ։