ՆՈՒՐՍՈՒԼԹԱՆ, ՀԱԼԷՊ, «Անատոլու», «Գանձասար».- 2 Օգոստոսին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուրսուլթանի (նախապէս՝ Ասթանա) մէջ աւարտեցաւ Սուրիոյ տագնապին շուրջ միջազգային խորհրդակցութեանց 13րդ նիստը:
Երկօրեայ նիստին մասնակցեցան Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները՝ քննելով գլխաւորաբար հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ շրջանի ճակատագիրը: Այդ շրջանին մեծ մասը մինչեւ այսօր կը գտնուի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ:
Բանակցութեան ընթացքին շեշ-տուեցան քաղաքացիական թիրախներ չհարուածելու եւ Սոչիի մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագիրին պայմաններուն գործադրութեան կարեւորութիւնը։
Նշենք, որ Անգարա կը ձգձգէ Իտլիպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն ծանր զէնքերը հաւաքելու իր խոստումին իրականացումը, երկարաձգելով սուրիական տարածքներուն մէջ թրքական ուժերուն կեցութիւնը:
Նոյն օրը, սուրիական զինուորական աղբիւր մը յայտարարեց, որ Իտլիպ շրջանին մէջ զինադադար յայտարարուեցաւ՝ լարուածութեան մեղմացման շրջանին վերաբերող Սոչիի համաձայնութեան կէտերուն գործադրութեան պայմանով:
Աւելցնենք, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման շրջանին մասին Սոչիի համաձայնութեան յայտարարութենէն ի վեր անընդհատ կը խախտեն համաձայնութիւնը՝ ռմբակոծելով սուրիական բանակին կեդրոնները եւ քաղաքացիական թիրախներ: