ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ճեֆրի 2 Օգոստոսին հաստատեց, որ Թուրքիոյ հետ շարք մը տարակարծութիւններ կը մնան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ստեղծուելիք «ապահով գօտի»ին հարցով։ «Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը բաւական կոշտ դիրքորոշում որդեգրած է այս հարցով։ Թուրքիա կը փափաքի աւելի մեծ խորութեամբ գօտի մը ստեղծել, իսկ մեզի համար ընդունելի է 5էն 14 քլմ. խորութիւն ունեցող գօտին: Այս հարցով կան անհամաձայնութիւններ, որոնք կը խոչընդոտեն գօտիին ստեղծումը: Դիւանագիտական եւ ռազմական բանակցութիւնները կը շարունակուին», ըսաւ ամերիկացի պաշտօնատարը:
Անգարա կը սպառնայ ինքնագլուխ կերպով եւ մինչեւ 32 քլմ. խորութեամբ գօտի մը հաստատել, նոյնիսկ եթէ Ամերիկայի հետ համաձայնութիւն չգոյանայ։
Կողմերը տարակարծիք են նաեւ Սուրիոյ քրտական ուժերը այդ տարածքէն դուրս բերելու գծով: Խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին 5 Օգոստոսին։