ԹԵՀՐԱՆ, «Էյ.Փի.».- Իրանի սահմանապահ ուժերու հրամանատար Քասեմ Ռեզայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու անոր պաշտօնակից Մուհամմատ Ահպապի 1 Օգոստոսին ստորագրեցին յարաբերութիւններու եւ սահմաններու ապահովութեան ամրապնդման փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութիւն մը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր վերջին վեց տարիներուն ընթացքին։
Ռեզայի յայտնեց, որ սահմաններուն ապահովութեան շուրջ գործակցութեան ամրապնդումը պիտի նպաստէ շրջանի հանդարտութիւնը ոտնակոխել փորձողներու դիմակայման:
Իր կարգին, Ահպապի նշեց. «Սահմանին վերաբերեալ փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութեան ստորագրումը դրական քայլ մըն է, որ կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանի ապահովութեան, սահմանի հսկողութեան եւ երթեւեկի դիւրացման»։