ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի փոխյարաբերութիւնը բազմաթիւ վերիվայրումներ կ՛ունենայ: Փորձառու անձ մը կ՛ըսէր, որ մնայուն կապեր չկան, այլ շահեր կան: Գաղափարապաշտ մարդիկ կրնան հակառակիլ այս կարծիքին եւ այն չընդունիլ իբրեւ հաստատում, որովհետեւ անոնք կը հաւատան անկեղծութեան ու սիրոյ, նոյնիսկ եթէ ձախորդութիւններու հանդիպին կամ ծեծուին անվստահելի, նենգ, խաբեբայ եւ խարդախ մարդոց ձեռնափայտով: Նման գաղափարապաշտ մարդիկ կրնայ ըլլալ որ յուսախաբ ալ ըլլան որոշ ժամանակի համար, սակայն շուտով կը փորձեն վերականգնել իրենց ինքնավստահութիւնը, վերագտնել հոգեկան խաղաղութիւնը եւ խղճի անդորրութիւնը, ու դարձեալ մարդոց մօտենալ անկեղծութեամբ, նոյնը սպասելով նաեւ իրենց դիմացինէն:
Աստուածաշունչը կը պատմէ գալիք այն երանելի վիճակին մասին, երբ «գայլք եւ գառինք ի միասին ճարակեսցին»: Սակայն մեզմէ շատե՜ր թերահաւատ են նման դրութեան մը հաստատման, գէթ այս աշխարհի վրայ: Կարելի՞ է որ բոլոր մարդիկ բարի ըլլան, այնպէս ինչպէս կը խորհին գաղափարապաշտ մարդիկ: Նենգութիւնը, խաբեբայութիւնը, խարդախութիւնն ու սուտը ինչպէ՞ս կարելի է հաւաքել փողոցի մայթերէն, լեցնել պարկերու մէջ եւ աղբաման նետել: Վստահ եղէք, անոնք աղբամանին մէջ իսկ վերստին «կը ծաղկին» եւ իրենց չար պտուղներով կ՛ողողեն մարդկութեան առեւտուրի շուկաները, շարժուն կառքերէն սկսեալ մինչեւ կանաչեղէնի լայնարձակ սեղաններուն վրայ բռուելով, թունաւորելու համար մեր կեանքը:
Անտառի կենդանիներուն մէջ աղուէսը ոմանց կարծիքով «բարի» կամ «անվնաս» գազաններու կարգին կը դասուի, հակառակ իր խորամանկութեամբ յատկանշուող բնազդին: Անիկա խաբեբայ ըլլալով հանդերձ «վախկոտ» անասուն է, որովհետեւ հազար հաշուարկ կը կատարէ իր որսը ձեռք ձգելէ առաջ: Ուրեմն, կարելի է զայն վախցնել ու փախցնել, ինչքան շուտ՝ այնքան լաւ: Սակայն անտառի գազաններուն մէջ կայ գայլը, որուն ժանիքներն ու աղօրիքները շատ աւելի զօրաւոր են ու անզիջող: Գայլին կլափը ինկող որսը, մարդկային թէ կենդանական, դժուար թէ փրկութիւն ունենայ: Բոլոր անոնք որոնք դէմ յանդիման գան այս վայրի անասունին, բնազդաբար կը վախնան եւ պայքարելու փոխարէն անյապաղ փախուստի կը դիմեն, յատկապէս երբ անոնց սովորութեան համեմատ գայլերը վոհմակով ներկայանան…:
Մարդկային կեանքը շատ չի՛ տարբերիր անտառի կեանքէն, ուր բոլորն ալ իրենց ստամոքսին յագեցման հետամուտ, թէպէտ յարմարագոյն որսին կը ցանկան, սակայն իրենց ձեռք ձգածով կը գոհանան այդ օր: Կը պատմուի կոյր բուի մը մասին, որ առաւօտ եւ երեկոյ կը նստէր աղբիւրի մը կողքին: Ճնճղուկները առաւօտեան երբ կ՛արթննային եւ կը մօտենային աղբիւրին ջուր ըմպելու, կոյր բուն զգալով որ իրեն շատ մօտ կանգնած են բազմաթիւ ճնճղուկներ, թեւը յանկարծ լայն բանալով ետ դէպի իրեն կը քաշէր, անոր մէջ բռնելով նուազագոյնը մէկ ճնճղուկ եւ այդ առաւօտ զայն լափելով կը գոհանար: Երեկոյեան նոյն միջոցին կը դիմէր եւ դարձեալ մէկ ճնճղուկ ուտելով փառք կու տար, որ այդ օրն ալ Աստուած զինք կերակրեց: Սակայն մարդիկ նման սահմանափակում չեն տար իրենց անսանձ ախորժակին: Միշտ աւելին ցանկալով, միշտ շուտ եւ շատ շահելու մոլուցքով անոնք կը հալածեն իրենց նմանները: Վաճառականական կամ առեւտրական գործառնութիւնները ընդհանրապէս կը կառավարուին շատ աւելի մեծ շահ ապահովելու սկզբունքով: Կարեւոր չէ՛ թէ ի՞նչ են միջոցները այդ շահը ապահովելու: Մեղադրանքներու դիմաց անոնք ունին արդարացուցիչ իրենց պատասխանը, ըսելով որ ատիկա գործին գաղտնիքն է: Ուրեմն, այնքան ատեն որ յաջողութեան հասնելու տենչը կայ, միջոցներու միջեւ խտրութիւն չդնելը ընդունուած է: Այսպէ՛ս է ներկայ աշխարհը իր տարօրինակ ըմբռնումներով: Արդարութեան, անկեղծութեան, մարդկային բարձր արժանիքներու եւ այլ հասկացութիւններու դարը փակուած կը համարեն շատեր, նոյնիսկ միամիտ որակելով անոնք, որոնք իրենց արդար աշխատանքով օրապահիկ հացը վաստակելու համար ճամբայ կ՛ելլեն: Ճիշդ է, անոնցմէ շատեր կը տուժեն, կորսնցնելով նոյնիսկ իրենց ունեցուածքը, սակայն դարձեալ կը նախընտրեն համեստ կեանք մը ապրիլ, քան յափշտակել ուրիշներուն ստացուածքը խաբեբայութեամբ, ապա իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին տառապիլ խղճի խայթէ:
Նման բարի մարդոց խորհուրդ տուողներ շատ կ՛ըլլան: Այսպէս օրինակ, խրատ տուողները կը թելադրեն անոնց աւելի արթուն ու զգօն ըլլալ, խաբողին դիմաց կանգնիլ եւ ըսել թէ հասկցած են իրենց խաբուած ըլլալը, կամ փոխադարձել խաբողին, փորձելով զայն խաբել, եւ այլն: Սակայն բարի մարդոցմէ շատեր գիտակից բարիներ են, այսինք սկզբունքի տէր մարդիկ, որոնք ամբողջութեամբ որդեգրած են «աչքդ ելլէ, անունդ չելլէ» ասացուածքը:
Բարի մարդոց հոմանիշը գառնուկ կամ ոչխար է: Ճիշդ է, երբեմն անարգական կամ ծաղրական բնոյթ ունի այս հոմանիշը շատերու համար, սակայն իր խորքին մէջ գնահատելի եւ նոյնիսկ օրինակելի է: Աւելի լաւ չէ՞ գառնուկի անուն ունենալ, քան՝ գայլի, որուն զազրելի բնաւորութիւնը ո՛չ ոքի սիրելի է:
Դարձեալ կը պատմուի, որ անտառի բարի կենդանիները տեսնելով գառնուկին վախը գայլի հաւանական յարձակումէն, խորհուրդ կու տան անոր ըսելով.
– Երբ տեսնես գայլը, թքէ՛ երեսին:
Գառնուկը այս խորհուրդ-խրատը լսելով զինք սրտապնդող բարի կենդանիներէն, կ՛ըսէ անոնց.
– Ո՛չ տեսնեմ, ո՛չ ալ թքեմ:
Մեր շրջապատին մէջ ապրող իսկապէս բարի մարդոց տիպարն է գառնուկը: Անիկա չի՛ կրնար չարութիւն գործել, նոյնիսկ մէկուն երեսին թքելո՛ւ չափ չարութիւն…:
Դուք ալ հանդիպած էք հաւանաբար այնպիսի անձերու, որոնք ամէն միջոցի կը դիմեն հեռու մնալու համար չարակամ մարդոցմէ: Այս վերջիններուն նպատակը բարի չէ՛ բնաւ: Անոնք մեզի կը մօտենան անպայման իրենց շահուն եւ ո՛չ թէ մեր «սեւ աչքերուն կամ սեւ յօնքերուն» համար: Անոնց հետ կռուիլը, կամ զանոնք յաղթահարելու նպատակով անոնց դէմ ճակատ բանալը, սկիզբէն իսկ ձախողած հեռանկար մըն է: Լաւագոյնը պիտի ըլլայ անոնցմէ հեռանալու որոշում կայացնելը, եւ ինչքան շուտ՝ այնքան լաւ: Դամասկոսը լաւորակ քաղցրեղէններու քաղաք է մինչեւ այսօր: Օր մը մէկը իր վաճառական ընկերներէն մէկուն ըսեր է, որ միասին երթան եւ այնտեղէն քաղցրեղէն ներածեն լա՛ւ շահով: Բարի վաճառականը զինք այդ գործին հրաւիրող ընկերոջ այնպիսի պատասխան տուեր է, որ մինչեւ այսօր ասոյթի կարգ անցած է: Ան ըսեր է. «Ո՛չ Դամասկոսի քաղցրեղէնը, ո՛չ ալ արաբին երեսը տեսնել կ՛ուզեմ»: Նոյնն ալ գառնուկին սկզբունքն էր, զոր վերեւ մէջբերեցինք. «Ո՛չ տեսնեմ, ո՛չ ալ թքեմ»: Այսինքն չարէն հեռու կեցիր, որովհետեւ անոր նպատակը չի՛ փոխուիր դէպի բարին:
Անմեղ գառնուկը ինչպէ՞ս կրնայ կանգնիլ գայլին դիմաց եւ ունենալ ժամանակ եւ յանդգնութիւն՝ թքելու անոր երեսին: Գայլը գիտէ՛ ինչպէս խտացնել այդ ժամանակը եւ առիթ չտալ գառնուկին, նոյնիսկ իր թուքը հաւաքելու մաքուր բերնին մէջ ու կոյս շրթներէն արտաբերելու զայն…: Չարէն հեռու մնալու լաւագոյն ձեւը գառնուկին կեցուածքը որդեգրելն է. «Ո՛չ տեսնեմ, ո՛չ ալ թքեմ…»: