27 Յուլիսին, ՀՅԴ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան (ՍԵՄ) անդամները Լիզպոնի հերոսներուն յիշատակը ոգեկոչելու համար ուղղուեցան Ազգային գերեզմանատուն, ուր իբրեւ անմահութեան խորհրդանիշ կը բարձրանայ Լիզպոնի հինգին յուշակոթողը:
ՍԵՄականները նախ խունկ եւ մոմ վառեցին Լիզպոնի հինգի յիշատակին, ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշակոթողին դիմաց:
Այնուհետեւ Անժելա Չաղլասեան իր ընկերներուն անունով սրտի խօսք արտասանեց, վերանորոգելով ուխտը երիտասարդական միութեան անդամներուն՝ Հայ Դատի հետապնդման եւ սերունդներու իրազեկման, պատմութեան իւրացման եւ ապագային նորովի հայեացքով ու հաւատքով, պատմագիտական եւ իրաւական տուեալներու ձեռքբերման գծով:
Գեղարուեստական բաժինով Հրակ Փայասլեան եւ Վեհան Պարսումեան ասմունքեցին «Լիզպոնի Ողջակէզներին» քերթուածը: Իսկ Գէորգ Յովհաննէսեան ներկայացուց Լիզպոնի գործողութեան ժամանակագրութիւնը եւ օտար մամուլին արձագանգը: ՍԵՄականները այնուհետեւ միասնաբար երգեցին Լիզպոնի հինգին նուիրուած երգեր:
Աւարտին, Զարեհ քհնյ. Շաքարեան իր պատգամը ուղղեց երիտասարդներուն, յորդորելով տէր կանգնիլ մեր ազգային արժէքներուն եւ իրաւունքներուն ու զարգանալով, ժամանակակից գիտական եւ արհեստագիտական նորութիւններով զինուելով՝ զանոնք ծառայեցնել մեր ազգային շահերուն:
Ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: