ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 25 Յուլիսին, Արեւ-մտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր Կլենտէյլի կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի, որուն կ՛ընկերանային Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ խորհրդական Վարազդատ Պահլաւունի։
Հիւրերուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայ Դատի տարած աշխատանքներուն եւ արձանագրած իրագործումներուն մասին, նոյն ժամանակ ներկայացնելով Հայ Դատի ջատագովման նպատակով ապագայ ծրագիրները։
Իր կարգին, դեսպան Ներսէսեան տեղեկութիւններ տուաւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի դեսպանատան գործունէութեան եւ ապագայ նախաձեռնութիւններուն մասին, նոյն ատեն շեշտելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ գործակցութիւնը աւելիով սերտացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ միացեալ ճակատով ներկայանալ աշխարհին։ Դեսպանը նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքին համար։
«Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ համագործակցութիւնը կենսականօրէն կարեւոր է մեզի համար եւ երախտապարտ ենք դեսպանին ու հիւպատոսին եւ անոնց գրասենեակներուն ցուցաբերած գործակցութեան ոգիին համար, որուն շնորհիւ սերտացող յարաբերութիւնները նպաստաւոր պիտի ըլլան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ ամերիկահայ սփիւռքին համար», եզրակացուց Յովսէփեան։