Կիրակի, 28 Յուլիսին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցումէն ետք, եկեղեցւոյ դիմաց տեղի ունեցաւ Անդաստան եւ աղաւնի թռցնելու արարողութիւն: Ապա յուշարձանի համալիրին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80ամեակի տօնակատարութիւններուն:
Բացման խօսքով Ռիթա Լագիսեան, ողջունելէ ետք ներկաները՝ ընդհանուր ծանօթացում մը կատարեց ներկաներուն Այնճարի 80ամեայ պատմութեան՝ ըսելով. «17 Յուլիս 1939ի վարդավառի տօնին, մուսալեռցին կամաւորաբար լքեց իր հայրենի հողը եւ տունը, դժուար պայմաններու մէջ գաղթեց եւ 13 Սեպտեմբերին հասաւ Այնճար, ուր յաջողեցաւ կարճ ժամանակի մը մէջ Այնճարը դարձնել իր երկրորդ տունը՝ հայրենիքը, հասցնելով իր այսօրուան բարգաւաճ վիճակին, շնորհիւ իր կազմակերպուածութեան եւ համատեղուած աշխատանքին»:
Ապա խօսք առաւ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80ամեակի մարմինի նախագահ Վարուժան արք. Հերկելեան, որ ըսաւ. «Այնճար առաջին ոտք դնողները ճիշդ 80 տարիներ առաջ, մեր հայրերն ու մայրերը, պապիկներն ու մամիկները, ահաւոր զոհողութիւններով՝ քրտինքով ու երբեմն արիւնով կերտեցին այս հայաւանը: Անոնց զաւակները՝ մենք, բազմապիսի երեւելի եւ աներեւոյթ դժուարութիւններու ու չարիքներու հանդիպեցանք, մասամբ ցրուեցանք, բայց չկորսնցուցինք մեր նախնիներուն հաւատքը եւ վստահ ենք, որ բոլորիս սիրտերուն մէջ կ՛ապրի ու պիտի ապրի այս գիւղը, բանաստեղծական բնութագրումով՝ «Մեր սիրտը մեր գիւղին մէջ, մենք ենք մեր գիւղը»:
Իր խօսքին աւարտին սրբազանը իր պատգամը ուղղեց Այնճարի եւ այնճարաբնակ երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն՝ ըսելով. «Դո՛ւք եւս պահեցէք այս հողը, հողին առողջութիւնը։ Տուէ՛ք անոր ծառին ու ծաղիկին հայեցի բոյր ու բուրմունք, հոտ ու համ: Անցորդները այս օտար ափերուն կը տեսնեն ու կը վկայեն. «Այստեղ անցած է եւ հոս կանգուն կը մնայ հայը»:
Ապա Վարդավառի խորհուրդը ներկայացնելէ ետք, Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան ըսաւ. «Երկու տարի է արդէն Այնճարի մէջ մեծ տօնախմբութիւն կը կազմակերպէ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը՝ առկայծ պահելու Մուսա լերան եւ համահայկական աւանդութիւնները, մշակոյթն ու սովորութիւնները: Կեցցէ՛ մուսալեռցի հայ ժողովուրդը, որ Հայաստանէն հեռու կ՛ապրի, սակայն Հայաստանը կ՛ապրեցնէ իր սրտին մէջ՝ ի պայծառութիւն հայ ազգին, հայ եկեղեցւոյ եւ գալիք լուսաւոր ապագային: Շնորհաւո՛ր Վարդավառ, ապրի՛ն հայ ազգի մեր զաւակները…»
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայացուց կարգ մը երգեր՝ ընկերակցութեամբ ներկայ բոլոր հայրենակիցներուն, որմէ ետք Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան խօսք առաւ։ «Այսօրուան աւանդական երգերը, Վարդավառի այս շքեղ տօնահանդէսը կու գան վկայելու, որ հայ ժողովուրդը, այո՛, դարերով ժառանգած իր աւանդութիւնները կը շարունակէ տանիլ դէպի ապագայ: Մուսալեռցի մեր մայրերուն ու հայրերուն ներկայութիւնը այստեղ եւ իրենց ներկայութեամբ, ներկայ երեխաներու այս ուրախ ու զուարթ կանչերը, մեր պատասխանն են բոլոր անոնց, որոնք միշտ կը փորձեն հայ ժողովուրդը ծունկի բերել», ըսաւ դեսպան Աթաբէկեան: Ապա ան իր խօսքը շարունակեց՝ ըսելով. «Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, ես կ՛ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Լիբանանի իշխանութիւններուն, Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին, որոնք հարիւր տարի առաջ օգնեցին Ցեղասպանութենէ ազատած կարիքաւորներուն եւ 80 տարի առաջ ընդունեցին Մուսա լեռէն ազատած հայորդիները»: Աւարտին դեսպանը ջերմ խօսքերով շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Վարդավառի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 80ամեակի տօներուն առիթներով:
Ապա Մուսա լեռէն ականատեսի վկայութիւններով հանդէս եկան Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան, Զապել Քենտիրճեան եւ Սարգիս Այնթապլեան: Այնուհետեւ «Շուշանեան» կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ելոյթ ունեցան շուրջպարով մը, որմէ ետք խաղցան աւանդական խաղեր, ապա ժողովուրդը շուրջպար բռնեց թմբուկ-զուռնայի ընկերակցութեամբ:
Հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ: