ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Լէյլա Ապտուլլաեւա անդրադարձաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեանի կողմէ Արցախի հակամարտութեան մասին վերջին յայտարարութիւններուն:
Ըստ Լէյլա Ապտուլլաեւայի՝ բանակցութիւններուն Արցախի հայկական համայնքին մասնակցութեան գծով Պաքուի դիրքորոշումը բազմիցս հնչած է:
«Մենք կը կրկնենք, որ բանակցութիւնները կ՛ընթանան հակամարտութեան մասնակցողներուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, իսկ հայկական եւ ատրպէյճանական համայնքները կրնան ներգրաւուիլ բանակցութիւններու որոշ փուլի մը մէջ, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի բոլոր մասնակցողներուն համաձայնութեան պարագային», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Արցախի կարգավիճակը կրնայ քննուիլ հայկական եւ ատրպէյճանական համայնքներուն կողմէ, երբ ատրպէյճանական բնակչութիւնը վերադառնայ իր տունը:
«Պէտք է ափսոսանքով աւելցնեմ, որ այսօր բացայայտօրէն Հայաստանի ղեկավարութիւնը մէկ կողմէ կը խօսի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութեան մասին, իսկ միւս կողմէ՝ անթաքոյց կը հրամայէ սպաննել ատրպէյճանցիները», ըսաւ Ապտուլլաեւա: