Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Փարիզի մէջ հանդիպեցաւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիյեանի հետ: Անոնք խօսեցան Մխիթարեան միաբանութեան գործունէութեան, այսօրուան դժուարութիւններուն եւ հարցերուն, մասնաւորապէս, Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի ապագային վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հանդիպումէն ետք, Հանրապետութեան նախագահը եւ Սրբազանը այցելեցին փարիզեան արուարձան Սեւրի մէջ գտնուող Մխիթարեան միաբանութեան Սամուէլ Մուրատեան վարժարանը եւ մշակութային կեդրոնը:
Փարիզեան Կղզիի «Ոսկէ Եռանկիւն»ի ճիշդ կեդրոնը կը գտնուի դպրոցին շէնքը, որ կը համարուի Սփիւռքի պատմութեան ամէնէն խորհրդանշական հաստատութիւններէն մին: Անիկա մխիթարեաններու սեփականութիւնն է: Վարժարանը հիմնուած է 1834ին, Լուի-Ֆիլիփ թագաւորին հրամանով, իսկ ներկայ շէնքը սկսած է գործելու 1928ին: Այնտեղ կրթութիւն ստացած են հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու բազմաթիւ սերունդներ: Վերջին տարիներուն, արդէն փակուած դպրոցին շէնքը մնացած է բազմաթիւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման: Մխիթարեան միաբանութիւնը բաւարար միջոցներ չունի վերանորոգելու եւ իբրեւ մշակութային ու կրթական օճախ ծառայեցնելու շէնքը, որ ներկայիս բարւոք վիճակ մը չունի: Նոյն ժամանակ, փորձ կը կատարուի գտնել ճիշդ լուծումներ, որովհետեւ այդ շէնքը եւ յարակից համալիրը ազգային հարստութիւն կը համարուին:
Նախագահ Սարգսեան շրջեցաւ վարժարանին եւ մշակութային կեդրոնին տարածքին մէջ եւ ծանօթացաւ պայմաններուն: «Այսօր ինծի բախտ վիճակած է գտնուիլ մեր ժողովուրդի արժէքներէն մէկուն սիրտին վրայ: Կ՛ուզեմ դիմել մեր բոլոր հայրենակիցներուն. երբ կու գաք Ֆրանսա, Փարիզի մէջ կայ գեղեցիկ վայր մը՝ այս մանկավարժական կեդրոնը, որ առաւել քան 200 տարի ծառայած է եւ կը շարունակէ ծառայել հայ ժողովուրդին: Իւրաքանչիւր հայ մարդու համար մեծ պատիւ է այստեղ գտնուիլ, գալ իր սեփական պատմութեան, անոր ակունքներուն եւ արժէքներուն ծանօթանալ: Այս պալատի սենեակներէն մէկուն մէջ մահացած է Տիտերօն: Ֆրանսայի կայսեր քարտէսագիտութեան ղեկավարի տունը եղած է: Ասիկա ֆրանսական եւ նոյն ժամանակ, հայկական պատմութիւնն է: Առիթ մըն է դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելու Մխիթարեան միաբանութեան, որ այս մեծ արժէքը պահած եւ պահպանած է ժողովուրդին համար», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ իբրեւ հայ մարդ՝ իրեն համար մեծ պատիւ է այս վայրին մէջ գտնուիլը:
Իր կարգին, Զէքիեան գերապայծառը պատմական համարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին վարժարան այցելութիւնը: «Ինծի համար մեծ երջանկութիւն էր հանդիպիլ նախագահին հետ եւ զինք հիւրընկալել վարժարանին մէջ: Ամէն օր չէ, որ Հայաստանի նախագահը վարժարանը կ՛այցելէ: Պարոն նախագահը իմաստուն եւ հեղինակաւոր անձ մըն է եւ իր նախագահութիւնը կը համարեմ մեր հայրենիքի, հայոց աշխարհին համար Աստուծոյ պարգեւ», ըսաւ ան:
Հանդիպման ընթացքին Լեւոն արք. Զէքիյեան տեղեկացուց, որ մխիթարեաններուն պատկանող բոլոր հաստատութիւններուն մէջ սկսած է վերանորոգման գործընթացը: «Հիմնական կարգը այն է, որ պատմական, մշակութային արժէք ներկայացնող շէնքերը բացարձակապէս վաճառքի առարկայ չեն: Հետեւաբար, այս կալուածը՝ 13,500 քառակուսի մեթր տարածութեամբ, ամբողջութեամբ կը մնայ իբրեւ Մխիթարեան սեփականութիւն», ըսաւ գերապայծառը եւ աւելցուց, որ կը մտածեն շէնքի պատմութեան արժանի հայագիտական մեծ կեդրոն մը հիմնել: Այդ կեդրոնը պիտի ունենայ իր գիտահետազօտական մասը, հանդիսութիւններու բաժինը եւ հետազօտողներու համար հիւրընկալութեան վայրը: Իսկ շէնքին ետեւի հատուածին մէջ, ըստ Զէքիեան գերապայծառին, մտադրութիւն կայ կառուցելու շահութաբեր վայր մը: «Եթէ յառաջիկայ ութ ամիսներուն ընթացքին որեւէ կազմակերպութիւն, հայկական հաստատութիւն, անհատ երեւան գայ եւ առաջարկէ աւելի լաւ պայմանները, քան մինչ այդ եղածները, անկասկած, դուռը բաց է եւ անմիջապէս կը նստինք բանակցելու՝ քննարկելու պայմանները ու հասնելու եզրակացութեան», ըսաւ Զէքիեան գերապայծառը:
Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, վարժարանի շէնքին եւ մշակութային կեդրոնի տնօրէնը՝ Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեան յայտնեց, որ հինաւուրց այս դպրոցը ունի հարուստ պատմութիւն եւ Մխիթարեան միաբանութեան կրթական օրրաններէն մին է: «Անիկա հայութեան տունն է, Հայաստանի փոքրիկ մէկ կտորը, որ հարուստ է պատմական եւ մշակութային արժէքներով», ընդգծեց ան:
Անդրադառնալով շէնքի վերաբերեալ ստեղծուած կացութեան՝ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Այսօր հասած ենք հանգրուանի մը, ուր պէտք է որոշումներ տանք: Մխիթար աբբահայրը միայն հոգեւոր առաջնորդ մը, փիլիսոփայ մը, գրականագէտ մը չէր, ան փայլուն գործարար մարդ մըն էր: Իր տեսլականով ստեղծուեցաւ Մխիթարեան միաբանութիւնը, որ հսկայական հարստութիւն ունէր եւ ունի աշխարհի մէջ: Ժամանակն է, որ մենք՝ իբրեւ հայութիւն, գանք ու կանգնինք միաբանութեան կողքին, որպէսզի մշակութային, կրթական, նիւթական այդ հարստութիւնը պահպանուի եւ պաշտպանուի: Իմ այցելութեան նպատակներէն մին այս է՝ ցոյց տալ, որ մենք անտարբեր չենք: Անտարբեր չենք իբրեւ հայ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, իսկ իմ պարագային՝ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ: Ուրախ եմ, որ մեր զրոյցին ընթացքին սրբազանը նոյնպէս համոզուեցաւ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչ միայն անտարբեր չէ, այլ նաեւ պատրաստ է աջակցելու՝ ճիշդ լուծումներ գտնելու համար. լուծումներ, որոնք կ՛աջակցին միաբանութեան, որպէսզի իր առջեւ կանգնած դժուարագոյն ելեւմտական եւ տնտեսական հարցերը լուծուին, որպէսզի կեդրոնը շարունակէ ծառայել ոչ միայն միաբանութեան, այլ նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին: 8-9 ամիս դռները բաց են, որպէսզի որեւէ հայ, հայկական կազմակերպութիւն բերէ իր առաջարկը, թէ ինչպէս կարելի է այս պատմական կառոյցը վերականգնել, դարձեալ ծառայեցնել հայրենիքին՝ աւելի բարձր մակարդակով: Դժուար հարց է, բայց լուծելի: Կը կարծեմ, որ այսօրուընէ սկսեալ մեր բոլոր հայրենակիցները պէտք է փորձեն իրենց ներդրումը բերել»: