Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութիւնը, որ անցեալ 28 տարիներուն ընթացքին կարեւոր մշակութային կեդրոն մը եղաւ հայ համայնքին համար, աշխատանք կը տանի միութեան շէնքը բարելաւելու եւ երկրորդ յարկ մը կառուցելու. գործ մը, որ բաւական մեծ գումարի կը կարօտի։
Մեծ ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կը յայտնենք, որ միութիւնս 12 Յուլիսին, Հէրի Գրիգոր Այվազեանէն 250,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ստացաւ, վերոյիշեալ գործերը իրականացնելու նպատակով։
Միութիւնս երկրորդ յարկին կառուցումով պիտի կարենայ զարգացնել իր մշակութային աշխատանքը եւ աւելի լաւ ձեւով ծառայել համայնքին։
Միութեանս վարչութիւնը եւ անդամները խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեն Հէրի Գրիգոր Այվազեանին այս նուիրատուութեան համար եւ յոյս ունինք, որ ան օրինակ կը դառնայ բոլորին, որպէսզի իրենց ներդրումը բերեն այս նպատակին։
ՔԱԼԱՖՈՐՆԻՈՅ
ՀԱՅ ԵՐԻՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ