ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը 26 Յուլիսին տեղեկացուց, թէ Պաքու ակնկալուածին նման դատապարտեց Ռայտ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ միաձայնութեամբ վաւերացուած այն բանաձեւը, որուն շնորհիւ քաղաքը Բարեկամ քաղաքի յարաբերութիւններ պիտի հաստատէ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ։
Սակայն յատկանշական է, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Լէյլա Ապտուլլաեւա իր յայտարարութեան ընթացքին նախ «Ռիտ» կոչած էր Ռայտ քաղաքը, ապա պնդած էր, թէ միայն երկու անձեր քուէարկած են բանաձեւին ի նպաստ, «որ առաջադրուած էր հայկական արմատներ ունեցող Սարգիս Ետելեանի կողմէ»։
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Կայսէրեան աւելցուց, թէ Պաքու իր յայտարարութեան մէջ նաեւ օգտագործած է Ստեփանակերտի ատրպէյճանական անունը (Խանքենտի), բնականաբար փորձելով արժեզրկել բանաձեւը, զանց առնելով այն իրողութիւնը, որ բանաձեւը միաձայնութեամբ վաւերացուած էր։
Բանաձեւին վաւերացումը կատարուեցաւ յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք Արցախի Հանրապետութենէն բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Աւստրալիա այցելութեան նախօրեակին։ Արդարեւ, Աւստրալիա պիտի այցելեն Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ խորհրդարանի անդամներ Դաւիթ Իշխանեան ու Արտակ Ներսիսեան։
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Ռայտ քաղաքի հայանպաստ նորագոյն քայլը։ Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Ռայտ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր բանաձեւ մը, որ նեցուկ կը կանգնի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան։