– Մարք Էսփըր պաշտօնապէս ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը, երբ Ծերակոյտը վաւերացուց անոր նշանակումը: Փենթակոնի նախկին ղեկավար Ճէյմզ Մեթիս հրաժարած էր Դեկտեմբեր 2018ին եւ անկէ ետք այդ պաշտօնը թափուր կը մնար. այս մէկը երկրին պատմութեան մէջ ամէնէն երկար ժամանակաշրջանն էր, որուն ընթացքին երկիրը առանց պաշտպանութեան նախարարի մնացած էր: Մտահոգիչ է այն իրողութիւնը, որ Էսփըր երկար տարիներով աշխատած է ռազմաարդիւնաբերական ընկերութեանց մօտ, ինչ որ անոր անկողմակալութիւնը հարցականի տակ կը դնէ։
– Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի «ցեղապաշտական եւ միջազգային խաղաղութիւնը վտանգող» նկատեց Աֆղանիստանի հասցէին կատարուած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն յայտարարութիւնը, որ կրնայ «Աֆղանիստանը բառացիօրէն 10 օրուան մէջ ջնջել երկրի երեսէն»: Աֆղանիստանի նախագահի բանբեր Սատիք Սատիքի յայտնեց, թէ Քապուլ բացատրութիւն պահանջած է Թրամփի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ: