ԵՐԵՒԱՆ.- Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) հրապարակեց «Վարդանեան ընդդէմ Հայաստանի» գործով արդարացի փոխհատուցման վճիռը, որ կը պարտաւորեցնէ Հայաստանի կառավարութեան 1 միլիոն 608 հազար եուրօ վճարել քաղաքացի Եուրի Վարդանեանին: Երեւանի Բիւզանդի փողոցին վրայ գտնուող Վարդանեանի բնակարանը՝ 1385 քառակուսի մեթր տարածքով, ճանչցուած էր իբրեւ պետութեան գերակայ շահ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.