ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արձակուրդի մէջ եղող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընտանեկան լուսանկար մը հրապարակած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ: Լուսանկարին մէջ կ՛երեւին վարչապետին տիկինը՝ Աննա Յակոբեան եւ անոնց դուստրը՝ Շուշանը:
«Աշխարհի ամենագեղեցիկ անկիւններից մէկում. Դիլիջան», լուսանկարը այսպէս մակագրած է վարչապետը: