
ՊԱՔՈՒ, «Թուրան».- Ատրպէյճանի նախագահ եւ երկրին զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար Իլհամ Ալիեւի յանձնարարութեամբ՝ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով եւ նախարարութեան ղեկավար կազմը 25 Յուլիսին այցելեցին հայկական ուժերուն հետ շփման գիծերը՝ ստուգելու ճակատային զօրամասերը:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութեան՝ նախարարը նաեւ մասնակցեցաւ զինուորականներուն համար կառուցուած բնակելի համալիրին բացման պաշտօնական արարողութեան:
Հասանով նաեւ այցելեց շփման գիծին մերձակայ գիւղերէն մէկը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ապրիլեան մարտերուն ընթացքին սպաննուած զինուորի մը ընտանիքի անդամներուն հետ:
Նոյն օրը, Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան պետ՝ զօր. Էլչին Կուլիեւ ստուգեց երկրին հիւսիս-արեւմտեան շրջաններուն մէջ գտնուող Ղազախ եւ Աղսթաֆա շրջաններուն սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումներու մարտական գործունէութիւնը:
Պետական սահմանապահ ծառայութեան համաձայն՝ Կուլիեւ հանդիպեցաւ սահմանային դիրքերուն վրայ ծառայող անձնակազմին հետ, նաեւ մօտէն ծանօթացաւ պետական սահմանին պաշտպանական եւ պահպանական ենթակառոյցներուն: